ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 17ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Ռուսիա միջխորհրդարանական գործակցութեան յանձնաժողովի 11րդ նիստը, որուն աշխատանքները պիտի եզրափակուին մամլոյ ասուլիսով:
Նոյն օրը, Հայաստան-Ռուսիա միջխորհրդարանական գործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Նիքոլա Ռիժքով հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին հետ:
Հոկտեմբեր 18ին պատուիրակութեան անդամները պիտի ընդունի Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Հոկտեմբեր 19ին պատուիրակութիւնը պիտի վերադառնայ Մոսկուա: