Կիրակի, 10 Սեպտեմբեր, 2006ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղերու, միաւորներու եւ համազգայնականներու ներկայութեան, «Համազգային»ի Ե. Պատգամաւորական ժողովի շրջանիս երեք պատգամաւորները՝ Հրաչ Սիմոնեան, Գէորգ Պետիկեան եւ Հրայր Շէրիքեան, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսըրլեան, ընդհանուր գիծերու մէջ զեկուցում մը տուին սոյն ժողովին մասին:
Ստորեւ ամփոփումը հրամցուած զեկուցումներուն:
«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ե. Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Լիբանանի մէջ 13-15 Ապրիլ 2006ին, Այն Սաատէ, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի շրջաններն ու Մեկուսի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:
Իրաւասու ձայնով ներկայ էին 30 պատգամաւորներ եւ 30 հրաւիրեալներ, որոնք կը ներկայացնէին Լիբանանը, Սուրիան, Արեւմտեան Ամերիկան, Աւստրալիան, Արժանթինն ու Պրազիլը, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ու Մարսիլիոյ ճեմարաններու տնօրէնները, «Բագին»ի հին ու նոր խմբագիրները, «Ուսանողական հաւաք»ը, «Վահէ Սէթեան» տպարանի ներկայացուցիչներն ու Կեդրոնական վարչութեան գործավարուհին:
Պատգամաւորական Ե. ժողովը ունեցաւ 19 կէտերէ բաղկացած օրակարգ, որուն գործադրութիւնը իբրեւ մնայուն դիւան վստահուեցաւ երկու ատենապետներու՝ Մկօ Եափուճեան-Լիբանան եւ Հրաչ Սիմոնեան-Արեւմտեան Ամերիկա եւ 4 ատենադպիրներու՝ Հռիփ Կանանեան-Հալէպ, Յարութիւն Պէրպէրեան-Քանատա, Գէորգ Պետիկեան-Արեւմտեան Ամերիկա եւ Հերմինէ Մանուկեան՝ Արեւելան Ամերիկա: Այս վերջինին հրաժարումով, զինք փոխարինեց Յովսէփ Աւագեան, Արեւելեան Ամերիկա:
Ժողովը լսելէ ետք Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու եւ շրջաններու բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ ժողովի ընթացքին պատգամաւոր ընկերներու ըստ էութեան քննարկումները, եզրակացուց.-
Կեդր. վարչութիւնը
Ա.- Աչալրջօրէն եւ հետեւողականօրէն հետապնդած է՝ «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» եւ Մարսէյի ճեմարաններու կրթական, շինարարական եւ տնտեսական աշխատանքները։
Բ.- Մօտէն հսկած է նաեւ «Վահէ Սէթեան» տպարանի, գրատարածի եւ գրախանութի գործառնութիւններուն, որոնք շահ արձանագրած են։
Գ.- Հսկած է «Բագին»ի նոր հանգրուան թեւակոխելու քայլերուն եւ նիւթական յատկացումներով նպաստած անոր։
Դ.- Իր ներկայացուցիչի միջոցաւ կարողացած է համալսարանական հաւաքը (forum) պահել իր բարձր մակարդակին վրայ։
Ե.- «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի շէնքը վարձու տալով կարողացած է հաւասարակշռել իր նիւթական գործառնութիւնը եւ փակել «Համազգային»ի յետնեալ պարտքերը։
Զ.- Ժողովը իր գնահատականը յայտնեց թէ՛ Կեդրոնական վարչութեան եւ թէ՛ անոր կից Պէյրութի եւ Հայաստանի գրասենեակներուն, անոնց արհեստավարժ եւ արագ գործելակերպին համար։
Է.- Տարած է լուրջ աշխատանք՝ յստակացնելու եւ լուծելու համար կալուածներու օրինական հարցերը։
Ը.- Յաջողած է հիմնել Պրազիլիոյ եւ Վալանսի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ամերիկայի «Համազգային»ի Շրջանային խորհուրդը։
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ
Ժողովը հաստատեց, թէ՝
Ա.- «Համազգային»ը իր առաքելութիւնը միայն զօրաւոր կազմակերպական կառոյցով կրնայ իրագործել, նպատակ ունենալով հետապնդել երիտասարդ ստեղծագործ ներուժի բացայայտումն ու ծանօթացումը, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթի ջահի փոխանցումը նոր սերունդին:
Բ.- «Համազգային»ի անդամական շարքերու համալրումը կը հետապնդէ անոր նոր, երիտասարդական աւիշ ներարկելու նպատակը:
Առ այդ, ժողովս որոշեց.- Կազմակերպել միջշրջանային երիտասարդական խորհրդաժողովներ:
Շրջաններու միջեւ համագործակցութեան կապեր հաստատել: Մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպել: Հետապնդել համակարգչային միասնական հայատառ ծրագիրներու հաստատումը եւ կիրառումը: Չանալ նաեւ ներգրաւել օտարախօս հայ երիտասարդները, ներգրաւել Հայաստանէն արտագաղթած եւ Սփիւռքի տարածքին կայք հաստատած երիտասարդութիւնը։
«Համազգային»ի կանոնագիրը թարգմանել այլ լեզուներու եւ հրատարակել։ «Համազգային»ի կայքէջի «Լրատու»ն նաեւ լոյս ընծայել այլ լեզուներով։ Գործակցիլ հայ կեանքին մէջ գործող մշակութային միութիւններու հետ եւ ջանալ համատեղել աշխատանքները։ Կեդր. վարչութիւնը պէտք է ուսումնասիրէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ յատուկ գրասենեակ մը հաստատելու կարելիութիւնները, որպէսզի այդ գրասենեակը հանդիսանայ նաեւ «Համազգային»ի տնտեսական ամրապնդման կարեւոր օղակներէն մէկը: Նոյնպէս ուսումնասիրել Եւրոպական միութեան ընձեռած մշակութային օժանդակութեանց կարելիութիւնները: Այժմէն ծրագրել «Համազգային»ի 80ամեակի տօնակատարութիւնը։
«Մ. եւ Հ. Արսլանեան» Ճեմարան
Անցնող քառամեակին ճեմարանը կրթական մարզէն ներս արձանագրած է վերելք եւ յաջողութիւններ: Մասնաւոր յատկացումներով եւ նուիրահաւաքներով կարելի եղած է վերանորոգել, ընդլայնել ու բարեզարդել «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» ճեմարանի կառոյցները։ Այս հաստատումներով հանդերձ, ճեմարանը կը դիմագրաւէ վարչական եւ կրթական որոշ դժուարութիւններ։
Մարսէյի Ճեմարան
Նկատելով, որ Մարսէյի ճեմարանը Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի հայ սերունդի դաստիարակութեան մէջ կոչուած է հիմնական դերակատարութիւն ունենալու, ժողովս կ’որոշէ, որ՝
– Կեդրոնական վարչութիւնը զօրավիգ եւ քաջալեր հանդիսանայ Մարսէյի դպրոցի խնամակալ մարմնին եւ տնօրէնութեան՝ Մարսէյի վարժարանը վերածելու Եւրոպայի ամբողջ տարածքին համար կրթական եւ մշակութային հաստատութեան մը։ Առ այդ, Կեդրոնական վարչութիւնը պէտք է ուսումնասիրէ Մարսէյի վարժարանը գիշերօթիկ բաժինով մը օժտելու կարելիութիւնը։
«ԲԱԳԻՆ»
Պատգամաւորական ժողովը հաստատեց՝ որ «Բագին» կարողացած է այս քառամեակին ներգրաւել հայ երիտասարդ գրողներ եւ կ’արժէ մատնանշել, որ «Բագին»ի բաժանորդներու թիւը բարձրացած է։ Որոշուեցաւ՝
Ա.- Յառաջացնել խմբագրական կազմ տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներէ բաղկացած։
Բ.- Չափաւորել նկարազարդումին եւ գրութիւններուն համեմատութիւնը։
Գ.- Նուազեցնել «Բագին»ի տպագրութեան ծախսերը։
Դ.- Բարելաւել «Բագին»ի ցրւումի աշխատանքները։
Ե.- Ուսումնասիրել «Բագին»ի օրինակները այլ երկրի մէջ եւս տպելու կարելիութիւնները։
«Վահէ Սէթեան» Տպարան, Հրատարակչական եւ Գրատարած
Նկատելով, որ «Վահէ Սէթեան» տպարանը նիւթական շահ ապահովող հաստատութիւն մըն է, ժողովը թելադրեց.- Տպարանի հասոյթէն բաժին յատկացնել հրատարակչականի ծրագիրներուն։
Համացանցի միջոցաւ դառնալ գրատարած կեդրոն: Հաստատել նոր գրական փորձերու հայերէն եւ օտարալեզու հայ գրողներու մատենաշար։ Յառաջիկայ քառամեակին անկախ տպարան-գրատարածի խնամակալութենէն, ունենալ նաեւ հրատարակչական մարմին, որուն կազմը ունենայ համագաղութային դիմագիծ։ «Համազգային»ի տպարանէն հրատարակուած գիրքերէն օրինակներ ղրկել Շրջ. վարչութիւններուն, ճոխացնելու համար «Համազգային»ի տեղական գրադարանները եւ նպաստելու անոնց վաճառքին։ Հնարաւորութեան սահմաններու մէջ նախաձեռնել «Համազգային»ի տարեգիրքի վերահրատարակութեան։ Շրջանները պէտք է յանձն առնեն նոր հրատարակուած գիրքերէն նուազագոյնը տասը օրինակ վաճառել։
«Համազգային»ի Ուսանողական Համախմբում
Հաստատելով «Համազգային»ի համալսարանականներու ամառնային համախմբումներու ձեռք բերած յաջողութիւնները, ժողովը կը թելադրէ՝
համախմբումը դարձնել առիթ՝ ներգրաւելու հայ համալսարանականները «Համազգային»ի շարքերէն ներս: Մղել համախմբումին մասնակցողները՝ իրենց ներդրումը ունենալու հայրենիքի մէջ տարուող եւ երիտասարդներու միջոցով իրագործուող շինարարական աշխատանքներուն:
Խնամակալներ որոնել նիւթապէս ապահովելու համար համախմբումին մասնակցող կարիքաւոր ուսանողները: Ուսանողական հաւաքներու կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տանելու համար ստեղծել յատուկ կառոյց։
Քարոզչական
Մասնագիտացած այս աշխատանքին թիրախը դարձնել մեր երիտասարդութիւնը։
«Համազգային»ի իւրաքանչիւր շրջան ունենայ իր կայքէջը, ուր «Համազգային»ի գործունէութեան կողքին արտացոլայ նաեւ հայ մշակոյթը՝ իր արժէքներով։ Քարոզչական համակարգը գործէ թէ՛ տեղական առումով եւ թէ՛ մանաւանդ դէպի օտարին բացուելու անհրաժեշտութեան շեշտադրումով։ Քարոզչականի նպատակակէտը ըլլայ իւրաքանչիւր հայ արուեստագէտի խրախուսումն ու քաջալերանքը։ Համացանցի իւրաքանչիւր շրջանի կայքէջ ունենայ իր զրուցարանը։ «Համազգային»ը ունենայ իր քարոզչական պրակը, երեք լեզուներով, հայուն թէ օտարին ծանօթացնելու համար իր գործունէութիւնը։ «Համազգային»ի համահայկական ընտանիքը օժտուած ըլլայ դրօշով եւ քայլերգով։ Վերահաստատել «Համազգային»ի նշանակը իր ճշգրիտ չափերով եւ գոյներով ու զայն ուղարկել շրջաններուն։ «Համազգային»ի 80ամեակի առթիւ լոյս ընծայել «Համազգային»ի եւ իր հաստատութիւններու պատմութիւնը ներկայացնող հատոր մը՝ իբրեւ քարոզչական վկայութիւն։
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ
Շարունակել անցեալին նախատեսուած եւ անհրաժեշտութիւն համարուող «Համազգային»ի կառոյցներու նիւթական հաւասարակշռութեան միտող քայլերը, որով կը պայմանաւորուի նաեւ այդ կառոյցներու յարատեւումը։ Վերականգնել «Համազգային»ի անցեալի ֆոնտերը, յստակացնելէ ետք գումարները, անոնց պատկանելիութիւնը եւ որ նպատակին սահմանուած ըլլալը։ Կ. վարչութեան կողքին յառաջացնել յատուկ յանձնախումբ՝ զբաղելու համար նաեւ ֆոնտերու յանձանձմամբ եւ ուռճացումով։ Բացի «Ն. Փալանճեան» ճեմարանէն ստացուելիք վարձքերէն, եկամուտի յաւելեալ միջոցներ որոնել։ «Համազգային»ի ստացուածքներու (ֆոնտեր, կալուածներ) ճշգրիտ պատկերը ունենալու համար կատարել անոնց հաշուական համապատասխան արձանագրութիւն: