ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 14ին՝ Սրբոց թարգմանչաց օրը, Ս. Էջմիածինի վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ «Հայ հնագրութեան ալպոմ»ի հայերէն տարբերակի հրատարակութեան շնորհահանդէսը:
Արարողութիւնը գլխաւորեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Ներկայ էին միաբաններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, ալպոմի հրապարակման նպաստած անձեր, «Գէորգեան» հոգեւոր ճեմարանի դասախօսներ, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներ:
«Հայ հնագրութեան ալպոմ»ը Մայքըլ Սթոնի, Տիգրան Գույումճեանի եւ Հենինկ Լեհմանի համահեղինակութեամբ առաջին անգամ անգլերէն լեզուով հրատարակուած է 2002ին, Դանիոյ մէջ՝ «Աարհուս» համալսարանական հրատարակչութեան ջանքերով: 2006ին Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ «Տոլորէս Զօհրապ-Լիպման» հիմնադրամի աջակցութեամբ իրականացուեցաւ ալպոմի հայերէն տարբերակի հրատարակումը: Ալպոմի խմբագրական եւ թարգմանական աշխատանքները կատարուած են Ս. Էջմիածինի «Գարեգին Ա.» հայագիտական-աստուածաբանական կեդրոնի տնօրէն Ազատ Բոզոյեանի եւ Մատենադարանի գիտաշխատողներ Արամ Թոփչեանի եւ Գոհար Մուրադեանի ջանքերով:
Տ. Գույումճեան, քանի մը խօսքով անդրադառնալով ալպոմի ստեղծման ընթացքի դրուագներուն, նշեց վեհափառ հայրապետի աւանդը՝ աշխատութեան հայերէն հրատարակութեան համար: Ան իր եւ ալպոմի միւս հեղինակներուն կողմէ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ցուցաբերած անգնահատելի օժանդակութեան համար:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով: Վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ալպոմի լոյս ընծայման բոլոր մասնակիցներուն, ապա ընդգծեց հայագիտութեան ոլորտին մէջ կատարած այդ կոթողային աշխատանքը եւ նշեց, որ «այս գործը կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ այն ուսումնասիրողների համար, ովքեր զբաղւում են հայ գրչութեան պատմութեամբ եւ արուեստով: Եւ վստահ ենք, որ հրատարակուած լինելով նաեւ անգլերէն լեզուով, այն լաւագոյնս պիտի ծառայի նաեւ մեր մշակոյթի ճանաչողութեանը օտարների կողմից»:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի սենեկային նուագախումբի լարային քառեակը: