ՓԱՐԻԶ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հինգշաբթի օր քուէարկուած այն բանաձեւը, որ քրէական յանցանք կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ պատիժ կը սահմանէ անսաստողներուն դէմ:
Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան յայտարարեց. «Մենք կ’ողջունենք այս պատմական քայլը, որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Ֆրանսա կը շարունակէ առաջնորդել միջազգային համայնքը՝ մարդկային իրաւանց յարգումին ուղղութեամբ: Ցեղասպանութեան պետական մակարդակի ուրացումը կը բացայայտէ հաշուարկուած հրձիգ կեցուածք մը, որ կը սպառնայ թէ՛ հանրային ապահովութեան եւ թէ մարդկային ընկերութեան՝ բաց քննարկումով ինքզինք կազմակերպելու ճիգերուն, որպէսզի կանխուին հետագայ ցեղասպանութիւնները»:
Չոպոյեան շարունակեց ըսելով, որ «մենք խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն քաղաքական ղեկավարներուն եւ հոսանքներուն, որոնք այս հարցը առաջ մղեցին: Յոյսով ենք, որ Ծերակոյտը շուտով պիտի որդեգրէ նոյն բանաձեւը, որպէսզի ան օրէնքի վերածուի առաջին իսկ առիթով»:
Հիլտա Չոպոյեան ըսաւ նաեւ, թէ «ժամանակը հասած է, որ որդեգրուի համաեւրոպական օրէնք մը, պատժելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը»:
Նոյն ծիրէն ներս, Եւրոպական միութեան բանբեր մը Հինգշաբթի օր քննադատեց ֆրանսական խորհրդարանի որոշումը, զայն խոչընդոտ նկատելով Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն:
Լոս Անճելըսի «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին եւ պատասխանելով այս ուղղութեամբ հարցումի մը, Չոպոյեան ըսաւ. «Պէտք է ըսել, որ Եւրոյանձնախումբը իր սահմաններէն դուրս կ’ելլէ, երբ Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրինագիծ մը կը քննադատէ, որովհետեւ այս յանձնախումբի նախագահի, ինչպէս նաեւ ընդլայնման յանձնաժողովին այս յայտարարութիւնները անընդունելի են, երբ կը մեկնին Թուրքիոյ անդամակցութեան պահանջէն:
«Իրենց պարտականութիւնը Թուրքիան Եւրոպայի չափանիշներուն մօտեցնել է եւ ոչ թէ Եւրոպայի չափանիշները թուրքերուն մօտեցնել: Մենք բոլորովին անընդունելի կը գտնենք այդ միջամտութիւնը: Իրենց պարտականութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան կը վերաբերի եւ ոչ թէ Ֆրանսայի օրէնսդրութեան:
«Եւրոյանձնախումբի նախագահը աւելի առաջ պէտք է ընդունի եւրոխորհրդարանի որոշումները եւ ոչ թէ քաղաքականութիւն ճշդէ Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ. կամ նոյնիսկ միջամուխ դառնայ եւրոպական երկիրներու ներքին գործերուն»:
Նշենք նաեւ, որ ֆրանսական խորհրդարանի նիստի ընթացքին, շէնքին դիմաց հաւաքուած էին հազարաւոր հայեր, որոնք կը զօրակցէին օրինագիծին: Ցուցարարներուն դիմաց խօսք առաւ ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ Արա Գրիգորեան, որ դրուատեց օրինագիծի որդեգրումը հետապնդող երեսփոխանները եւ յայտարարեց, թէ պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ բանաձեւը վերջնական օրէնքի վերածուի»:
Իսկ երէկ, Հայաստանի մէջ, Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան ցոյց մը, դէպի ֆրանսական դեսպանատուն (լուրը տեսնել էջ 4):