Խրուաթիա, Լեհաստան, Գերմանիա Եւ Շուէտ Կարեւոր Յաղթանակներ Արձանագրեցին
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐԵՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու 2008ի աւարտախաղերու 22 զտումի մրցումներ տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ի երեկոյեան:
Ա. խմբակին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ 3 կոլեր ստանալէ ետք հեռացաւ Սերպիոյ դաշտէն։
Խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Սերպիա, 16րդ վայրկեանին փորձեց բանալ մրցումին հաշիւը, սակայն Փանթելիչի փենալթին «զսպուեցաւ» Գէորգ Գասպարովի բերդին սիւնին կողմէ։ 54րդ վայրկեանին, Սթանքովիչ փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, իսկ 62րդ վայրկեանին, Զակովիչ նշանակեց դաշտին տէրերուն երկրորդ կօլը։
76րդ վայրկեանին, Ռաֆայէլ Նազարեան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով հեռացաւ դաշտէն, իսկ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92րդ), Սերպիա նշանակեց իր երրորդ կօլը, շնորհիւ Զիկիչի։ Հայաստան ցարդ իր կատարած երեք մրցումներէն ապահոված է միայն մէկ կէտ, արձանագրելով հաւասարութիւն մը Ֆինլանտայի դէմ:
Ա. խմբակին միւս մրցումներուն, երկրորդ դիրքը գրաւող Ֆինլանտա Ղազախստանի մէջ 2-0 յաղթանակ մը ապահովեց, Լեհաստան իր դաշտին վրայ Փորթուկալի դէմ 2-1 արդիւնքով յատկանշական յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ Պելճիքա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ատրպէյճանը: Ատրպէյճան քանի մը օր առաջ նոյն արդիւնքով պարտուած էր Փորթուկալէն՝ Փորթոյի մէջ:
Բ. խմբակին մաս կազմող Ֆրանսա 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆարօ կղզիներու կազմը, գրաւելով խմբակին երկրորդ դիրքը, մինչ առաջատար Սկովտիա Ուքրանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Նոյն խմբակին մաս կազմող աշխարհի ախոյեան Իտալիա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վրաստանը, Թիֆլիսի մէջ։
Գ. խմբակին մէջ, առաջին երկու դիրքերը գրաւող Թուրքիա եւ Յունաստան յաջորդաբար 5-0 եւ 4-0 արդիւնքներով պարտութեան մատնեցին Մոլտովան եւ Պոսնիան, մինչ Մալթա անակնկալ մը արձանագրեց Հունգարիոյ դէմ, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովելով:
Դ. խմբակին առաջատար Չեխիա Իրլանտայի մէջ բաւարարուեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւող Գերմանիա 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիան։ Նոյն խմբակին մէջ, Կալէս 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կիպրոսի կազմը:
Ե. խմբակի պարագլուխի դիրքը խլեց Խրուաթիան, անակնկալի բերելով իր հիւրը՝ Անգլիան, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով։ Նոյն խմբակին մէջ Անտորրա իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Մակեդոնիայէն (0-3), մինչ Ռուսիա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը ապահովեց Էսթոնիոյ դէմ:
Զ. խմբակի առաջատար Շուէտ ամրապնդեց իր դիրքը, Իսլանտայի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, իսկ Դանիա 4-0 յաղթանակ մը արձանագրեց Լիխթընշթայնի դէմ: Նաեւ, Հիւսիսային Իրլանտա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լաթվիան:
Է. խմբակի առաջատար Հոլանտա 2-1 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Ալպանիոյ դէմ, մինչ Պելոռուսի կազմը 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովենիան: Նաեւ, երկրորդ դիրքը գրաւող Պուլկարիա կրցաւ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Լիւքսեմպուրկը:
Բարեկամական շարք մը մրցումներ եւս տեղի ունեցան, որոնցմէ յատկանշական էին Սպանիոյ 2-1 արդիւնքով յաղթանակը Արժանթինի դէմ եւ Պրազիլի նոյն արդիւնքով յաղթանակը Էքուատորի դէմ: