Համակազմակերպութեամբ Նիքէա-Ռենտի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ Քոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին, Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբերի երեկոյեան, Նիքէայի «Փոլիխորոս» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ելոյթ մը՝ «100 տարիներ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք. հայերու 100ամեայ ներկայութիւնը Նիքէայի մէջ» խորագիրով։
Ներկայ եղան Նիքէա-Ռենտի շրջանի քաղաքապետը, հէլլէն խորհրդարանի հայ-յունական բարեկամութեան խումբի նախագահը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ յոյն բարեկամներ։ Հայկական կողմէն ներկայ եղան շրջանի հոգեւոր հովիւը, Ազգային վարչութեան ատենապետը, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ՀԿ Խաչի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց անդամներ, տեղական վարչութիւնները եւ ստուար թիւով հայրենակիցներ։
Սրահի մուտքին, ՀՄԸՄի սկաուտները պատրաստած էին գուցադրական յատուկ սեղաններ, ինչպէս նաեւ շարուած էին պատկերազարդ մեծ պաստառներ, որոնց վրայ կը ներկայացուէր Քոքինիոյ հայ գաղութի 100ամեայ կեանքը, որ մասնիկը կը կազմէ Նիքէայի եւ անոր շրջակայքի պատմութեան, գաղթականական առաջին օրերէն մինչեւ այսօր, երբ հայկական եւ յունական գաղթավայրը դարձաւ արդի քաղաք մը իր բոլոր ենթակառոյցներով։
Ելոյթի սկիզբը եւ ամբողջ տեւողութեան մէջընդմէջ ներկայացուեցան յատուկ տեսերիզներ, որոնք նկարներու եւ երիզներու օգնութեամբ, հանգրուանային բաժիններով հանրութեան ցոյց կու տային Նիքէայի եւ յունահայ գաղութի ստեղծման ու կազմաւորման ամբողջ ընթացքը, հայ ժողովուրդի պայքարի հանգրուանները, յունահայ կեանքի զարգացումը իր բոլոր երեսներով, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի 100ամեայ պատմութեան եւ Արցախի հերոսական մարտնչումներուն հակիրճ պատմականը։
ՀՅԴ «Վարանդեան» կոմիտէին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Գէորգ Աւագեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ հայութեան եւ յոյն ժողովուրդի բարգաւաճ կեանքին, մատնանշելով, թէ երկու ժողովուրդները դարձան Արեւելքի զարգացման գլխաւոր ազդակները, որոնց երթը կասեցուեցաւ քեմալական եւ թուրք ազգայնական շարժումին կողմէ, որպէս ամբողջացում Հայոց եւ Պոնտական ցեղասպանութիւններուն։
Օրուան գլխաւոր խօսողն էր պատմաբան եւ Մանիսացի յոյներու միութեան նախագահ Արխոնտիա Փափատոփուլու, որ ներշնչուած եւ պատմական անվիճելի մանրամասնութիւններու վրայ հիմնուած ըլլալով՝ ներկայացուց թրքական ազգայնականութեան եւ համաթրքութեան հոսանքին ենթահողը, որ ստեղծուեցաւ 19րդ դարու վերջաւորութեան եւ իր գագաթնակէտին հասաւ Իթթիհատի պարագլուխներու գործած ցեղասպանութիւններով եւ քեմալական շարժումի՝ մարդկութեան դէմ կատարած մեծ աղէտով։
Բանախօսուհին ներկայացուց յոնիական աշխարհի յառաջդիմութեան ընթացքը, որուն մէջ հայերը եւ յոյները դերակատար հանդիսացան, տալով եզակի քաղաքակրթութեան մը զարգացումը, որ ընդմիշտ խորտակուեցաւ թրքական վայրագութեան հետեւանքով։
Ան նաեւ իր խօսքը կեդրոնացուց գաղթականութեան ժամանման ու նոր կեանքի աստիճանական փոփոխութիւններուն վրայ, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, ու այսօրուան իրականութեան մէջ տեսնելով կորսուած հայրենիքներու վերապրումի ոգին անմառ պահելու ուժը։
Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Նիքէայի պետական երաժշտանոցի երգչախումբը փոքրասիական աւանդական երգերով, իսկ Համազգայինի «Նայիրի» եւ «Նանօր» պարախումբերը՝ հայկական պարերու ներկայացումով մը։
«ԱԶԱՏ ՕՐ»ի Թղթակից