Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն գլխաւորած պատուիրակութիւններուն հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնէ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վահան Յունանեան ըսաւ, որ աւելի ուշ նախատեսուած է նաեւ Պլինքըն-Միրզոյեան- Պայրամով հանդիպումը:
Անկէ առաջ, Արարատ Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Էրիքա Օլսընի եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ: