5 Նոյեմբերին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այցելեց Վայոց Ձորի Ջերմուկ քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ Աբրահամ արք. Մկրտչեանի, Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանի եւ Ջերմուկի քաղաքապետ Վահագն Արսենեանի կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Թերթ»ը:
Ջերմուկի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Խաղաղութեան մաղթանք՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայրենեաց սահմաններու անսասանութեան ու հայ ժողովուրդի ապահով, խաղաղ եւ բարօր կեանքին համար: Աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար:

Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին՝ շեշտելով, որ բուժիչ յատկութիւններ ունեցող Ջերմուկը այսօր ինք կարիք ունի ապաքինման եւ վիշտերու թօթափման: Անդրադառնալով 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու լայնածաւալ յարձակումին՝ կաթողիկոսը իր սրտակցութիւնը յայտնեց մեր ժողովուրդի սգաւոր եւ վշտացեալ զաւակներուն Ատրպէյճանի յարձակումներուն ընթացքին զոհուած հայորդիներու, քանդուած քաղաքներուն եւ շէնքերուն համար՝ հայցելով, որ Տէրը Իր ողորմութեամբ հանգստութիւն պարգեւէ հայրենիքին համար նահատակուած քաջորդիներուն, մխիթարութիւն ու սփոփանք շնորհէ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ կամք ու քաջութիւն՝ հաւատաւոր զաւակներուն, որպէսզի կարենան դիմակայել ծագող հարցերուն:
«Տագնապներն ու անհանգստութիւնները չափազանց շատ են այսօր մեր կեանքում: Մենք մտահոգուած ենք մեր հայրենիքի, հարազատ երկրում ապրող մեր ժողովրդի զաւակների ներկայով եւ ապագայով, յատկապէս երբ մեր հայեացքները ամէն անգամ հանդիպում են անմեղ, բայց արդէն հոգսաշատ դարձած մեր մանուկների աչքերին: Մեր երկրի եւ ժողովրդի առջեւ ծառացած մտահոգութիւններից ու անհանգստութիւններից դրդուած՝ որոշ ընտանիքներ հեռանում են երկրից եւ դառնում գաղթական՝ օտարութեան մէջ փնտռելով իրենց եւ իրենց զաւակների երջանկութիւնն ու ապահովութիւնը: Մենք եկել ենք այստեղ ասելու, որ այն ամէնը, ինչ ունենք մեր երկիրն է, մեր հայրենիքը: Պիտի զինուենք քաջութեամբ ու տոկունութեամբ, որպէսզի պաշտպան լինենք այն սրբազան հողին, ուր ապրել ու արարել են մեր հայրերը եւ մեր հայրերի հայրերը, ուր նահատակուել են մեր զաւակները», ըսաւ կաթողիկոսը:
Ան կոչ ուղղեց գօտեպնդուելու հաւատքով ու քաջութեամբ:

Appreciating to be ready resisting in Djermouk, receiving Putin’s
decoration, which is a FIRST grant since 240 years, is Highly
Signifying, a proof for High Services Done to Russia. It is Highly
remarkable, AS WELL, that NO decoration is granted to 1st, 2nd, 3rd
presidents greatly HELPING, from GLORIOUS 1994 Victory, turning
GRADUALLY INTO TOTAL LOSS, ACTUAL SUBJUGATION, HELPING
RUSSIA & 2 ALLIES, OCCUPYING ARMENIA TERRITORIES , ASSISTING
*SACRIFICING ARMENIA 1921 PROJECT*: UNIQUE PRO RUSSIA PLAN,
BUT *COVERED* UNDER “STRATEGIC ALLY” MIRAGE. May be above
mentioned decoration, INCLUDES ALL 4 IN ONE VALUE, LAST 3 WORKS
BEING IN “ABSOLUTE SECRECY”, DECORATED NATIONAL & PROGRESSIVE
*IN FACT LOOTING AND SELLING ARMENIA”. 1920 December 40,000 sq.km
1st republic to 28840 sq.km DOUBTFUL, QUESTIONABLE, NON PROTECTED,
WITHOUT ARMY, *PRAY*. BUT, CONSIDERED GLORIOUS ACHIEVEMENT !!!!!.