Երիտասարդութեան ամենասիրած մարզաճիւղն է պասքէթպոլը, որ նաեւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, որուն հետեւանքով պասքէթպոլի խումբերը գերակշիռ երեւոյթ են Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերէն ներս:
Տարին զանազան դասակարգերու պասքէթպոլի բազմաթիւ մրցաշարքեր կը կազմակերպուին, որոնց մեածգոյնը՝ Նաւասարդեան մարզախաղերն են եւ որոնք ձեւով մը Շրջանային վարչութեանց տարեկան գործունէութեանց եզրափակումն են:
Նաւասարդեանէն ետք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն մրցաշարքը ձմեռնային մարզախաղերն են, որոնք կ’ընդգրկեն պասքէթպոլի մարզաճիւղը բոլոր դասակարգերու երկսեռ խումբերու մասնակցութեամբ:
Այս տարի ձմեռնային մարզախաղերը յաջողութեամբ իրագործեցին իրենց հինգերորդ տարին: Զտումի մրցումները սկսան Շաբաթ, 30 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 8ին, Փասատինա Հայ սքուլի մարզադաշտերուն վրայ եւ նոյն մարզադաշտերուն վրայ շարունակուեցան ամէն շաբաթավերջ, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մրցող խումբերուն եւ ներկայ մարզասէր հասարակութեան մօտ:
Կարեւոր այս մարզախաղերուն մասնակցեցան ԱԱ.-Է. դասակարգերէն 116 երկսեռ խումբեր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» (22 խումբեր), Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» (2), Փասատինայի «Ազատամարտ» (19), Լոս Անճելըսի (12), Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» (23), Մոնթեպելլոյի (6), Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» (5), Քրեսէնթա Հովիտի «Շանթ» (22), Պըրպէնքի «Սիփան» (3) եւ Լաս Վեկասի «Արցախ» (2) մասնաճիւղերէն:
Առաջին անգամ ըլլալով մարզախաղերուն մասնակցեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղի Բ. դասակարգի աղջիկներու խումբը, որ իր դասակարգին մէջ երրորդ տեղը գրաւեց: Այս արդիւնքը մեծ յաղթանակ մը կը նկատուի մասնաճիւղին համար, որ հակառակ փոքրաթիւ գաղութէ մը գալուն, մէկ տարուան մէջ մեծ ոստում արձանագրեց յատկապէս մարզական կեանքէն ներս, շնորհիւ իր մարզիչներուն եւ վարչութեան քաջալերանքին:
Շրջանային վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Քահվէճեան, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական կեանքէն ներս մեծ վաստակ ունի իբրեւ պասքէթպոլի մարզիկ, մարզիչ, Շրջանային մարզական խորհուրդի անդամ եւ երկար տարիներու ատենապետ, այս մարզախաղերու առիթով հաստատեց, թէ անոնք «տարուէ տարի առաւել բազմամարդ եւ հետաքրքրական կը դառնան: Յատկապէս նկատելի է փոքր դասակարգերու մարզիկ-մարզիկուհիներու ծնողներու ներդրումը անոնց յաջողութեան մէջ: Ուրախ ենք, որ մեր ծնողներու զոհաբերութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական կեանք կը ծաղկի եւ նոր սերունդը սիրով եւ համոզումով կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ին»:
Շնորհաւորելի են ձմեռնային 5րդ մարզախաղերուն մասնակցող բոլոր երկսեռ խումբերը, որոնք իրենց լաւագոյն եւ կարգապահ խաղարկութեամբ նոր մրցանիշներ արձանագրեցին, հպարտանքի գեղեցիկ պահեր տրամադրելով իրենց պատասխանատուներուն եւ մարզախաղերուն հետեւող հարիւրաւոր համակիրներուն:
Ստորեւ մրցաշարքի ախոյեանութեան արդիւնքները: Շարքը երկար ըլլալով, պիտի բաւարարուինք միայն առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւող խումբերը յայտարարելով: Ախոյեանութեան եւ մրցաշարքի ամբողջական արդիւնքները կարելի է ստանալ homenetmen.net կայքէջէն:
ՄԱՆՉԵՐ
ԱԱ ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Ազատամարտ»
2.- Լոս Անճելըս (1)
Ա1 ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Արարատ» (1)
2.- Մոնթեպելլօ (1)
Ա2 ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Արարատ» (2)
2.- «Մասիս» (1)
Ա3 ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Շանթ»
2.- «Մասիս» (4)
Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Արարատ» (2)
2.- «Արարատ» (1)
Դ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1- Մոնթեպելլօ
2.- «Ազատամարտ» (1)
Ե. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Ազատամարտ» (1)
2.- «Շանթ» (1)
Զ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- Լոս Անճելըս
2.- «Ազատամարտ» (1)
ԱՂՉԻԿՆԵՐ
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Արարատ» (1)
2.- «Մասիս» (1)
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Արարատ» (2)
2.- «Արարատ» (1)
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Շանթ»
2.- «Արարատ» (3)
Ե. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Շանթ» (1)
2.- «Ազատամարտ» (2)
Զ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
1.- «Մասիս» (1)
2.- «Շանթ»
Մարզախաղերուն մասնակցութեան յատուկ գնահատական բաժակներ ստացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի Դ. դասակարգի աղջիկներու խումբը, ինչպէս նաեւ «Մասիս» (1), «Ազատամարտ» եւ «Մասիս» (2) մասնաճիւղերու Է. դասակարգի մանչերու խումբերը: