Ս. Մ.
– Գիտե՞ս երէկ ինչ եղաւ. պատմեմ, ուրախացիր,- ժպիտով մը զիս դիմաւորեց բարեկամուհի մը, որ քանի մը ամիս առաջ, ամառը, ամուսնոյն ու երկու պատանի զաւակներուն հետ Հայաստան առաջին այցելութիւնը տուած էր։ Վերդարձան Հայաստանին սիրահարուած…
Հարցական նայուածքիս պատասխանեց պատմելով հետեւեալը.
«Երէկ, պտղավաճառէն թութ տարեր էի տուն. 11ամեայ մանչուկս շատ կը սիրէ այս պտուղը։ Քանի մը հատ ուտելէ ետք, քովս եկաւ ըսելով.
«- Մա՜մ, կը յիշե՞ս,ամառը Հայաստան այս թութէն կերանք։ Ի՜նչ համով էր. այս թութերը գեղեցիկ են, բայց համ չունին»…։