Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ինթըրփոլ»ի ընդհանուր քարտուղար Եուրկեն Շթոքիի հետ հանդիպման կարեւոր նկատեց Հայաստանի ոստիկանութեան եւ «Ինթըրփոլ»ի միջեւ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը եւ ընդլայնումը:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին` Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, որ այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող քննարկումները նոր ազդակ կը հաղորդեն շուրջ երեք տասնամեակ շարունակուող փոխգործակցութեան, առաւել կը բարձրացնեն համատեղ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը` յանցագործութեան դէմ պայքարին մէջ:
Շթոքի, բարձր գնահատելով Հայաստանի ոստիկանութեան հետ համագործակցութեան մակարդակը՝ անդրադարձաւ յառաջիկային նախատեսուող միացեալ ծրագիրներուն ու փոխգործակցութեան օրակարգին:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վահէ Ղազարեան: