ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, 4-5 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Արարատ Սարգիսեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած «Կորսուած դրախտի վերջին պատկերները» խորագրուած ցուցահանդէսը;
Ստեղծագործութիւններուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին եւ Արցախի ու Հայաստանի վրայ վերջին յարձակումներէն տուժած ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն աջակցելու նպատակով հաստատուած «Թռչունի Բոյն» նախաձեռնութեան։
Ցուցադրասրահի հասցէն է՝ 216 S. Louise Street, Glendale, CA 91205: Ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 11էն կէսօրէն ետք ժամը 5: