Եւրոպական Միութեան դիտորդները պարեկութիւն իրականացնելու նպատակով՝ ուղղուեցան հայ-ատրպէյճանական սահմանը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին տեղեկացուց Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչի եւրոպական արտաքին գործողութեան ծառայութիւնը՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ:
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդները ուղեւորուեցան իրենց առաջին պարեկութիւնը իրականացնելու: Յառաջիկայ երկու ամիսներուն, միութեան դիտարկման խումբը պիտի վերահսկէ իրավիճակին՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմէն՝ ձեւաւորելու վստահութիւն եւ աջակցելու սահմանային հարցերու յանձնաժողովներուն», յայտարարեց ծառայութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.