Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 27 Հոկտեմբերին, «Վալտա» ակումբին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կապերուն՝ հաստատելով, որ կայ կարգաւորման երկու տարբերակ, իսկ Ռուսիա պիտի ընդունի այն որոշումը, որ խաղաղութեան հաստատման պիտի նպաստէ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը հաղորդէ «Ռիա Նովոստի»ին:
Փութին շեշտեց, որ Ռուսիա անհրաժեշտ կը նկատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը, կ՛աջակցի խաղաղ կարգաւորման, նաեւ՝ սահմանազատման եւ սահմանային հարցի ամբողջական կարգաւորման: «Մենք կողմ ենք: Հարցը այն է, թէ ո՛ր տարբերակը պէտք է ընտրել. ասիկա Հայաստանի, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ղեկավարութեան գործն է», ըսաւ Փութին:
«Եթէ Հայաստան որոշէ ընդունիլ Ուաշինկթընի տարբերակը եւ ճանչնայ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ուրեմն մենք այդ մէկը կ՛ընդունինք եւ կ՛աջակցինք հայ ժողովուրդի ընտրութեան: Եթէ Հայաստանի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնը որոշեն, որ Ղարաբաղը ունի առանձնայատկութիւններ, որոնք պէտք է նկատի առնուին եւ ինչ-որ ձեւով քննարկուին ապագայ հաշտութեան պայմանագիրին մէջ, այդ ալ կարելի է, մենք այդ ալ կ՛ընդունինք», ընդգծեց ան:
Փութին, որ կը պատրաստուի յաջորդ շաբաթ Սոչիի մէջ հիւրընկալել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները, նաեւ աւելցուց՝ ըսելով. «Բայց այդ պարագային պէտք է բանակցիլ եւ պայմանաւորուիլ նաեւ Ատրպէյճանի հետ, որուն դիրքորոշումն ալ կարեւոր է»:
Ան շեշտեց, որ ինչ տարբերակ ալ ընտրուի, եթէ անիկա պիտի տանի խաղաղութեան, Ռուսիա միայն կողմ է: «Մենք չենք պատրաստուիր որեւէ բան պարտադրել, չենք կրնար եւ չենք պատրաստուիր Հայաստանին որեւէ բան թելադրել», նշեց ան:
Փութին նաեւ կշտամբեց Երեւանը՝ ըսելով. «Եթէ ժամանակին, ինչպէս մենք կ՛առաջարկէինք, Հայաստանի ղեկավարութիւնը համաձայնէր վերադարձնել հինգ շրջանները, որոնք, ըստ էութեան, հայկական կողմին պէտք չէին, այլ իրավիճակ պիտի ըլլար»:
ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ ԵՒ ԱԼԻԵՒԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵՑԻՆՔ ՀԱՆԴԻՊԻԼ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Այս ամսուան աւարտին, Սոչիի մէջ ակնկալուող Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ հանդիպումէն առաջ պաշտօնական Ուաշինկթըն դարձեալ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները քաջալերեցին հանդիպիլ այն ձեւաչափով, որ առաւել օգտակար է անոնց, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ ուղղակի երկխօսութիւնը առանցքային է հարցերու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Վետանթ Փաթել 26 Հոկտեմբերին շեշտեց, որ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան համար չկայ աւելի մեծ աջակից, քան՝ Միացեալ Նահանգները:
Նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս իր կարգին յայտարարեց, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է որոշեն, որ օգտակա՞ր է արդեօք Ռուսիոյ նախագահին հրաւէրը:
Armenians have been loyal in every country, except Turkey, Russia, Azerbaijan, by
being rejected, insulted, miss treated US. Illegal 1921 Moscow treaty, Kars treaty,
“re approved few years back”, (when they were *accepted as legal countries*);
CONFIRMS ILLEGALITY OF 1921 TREATY, applying, ILLEGAL APPELLATION (SACRIFICING
ARMENIA), *PRACTICING IN FACT*: BECOMES ILLEGAL, WHEN RENEWED,(OTHERWISE
THEY WILL NOT RENEW). IN THE MEAN TIME CONSEQUENCES WERE HORRIBLE:
LOSING LIBERTY, INDEPENDENCE, HUGE TERRITORIES , ETHNIC CLEANSING,
LOSING PROPERTIES, DESTROYED CHURCHES, ALL MONUMENTS, CEMETERIES.
WHO IS GOING TO PAY DAMAGES, DIS PLACEMENTS??; and asking “Choose between
Russia or USA “. Mr.Putin, IF SUCH *SIMILAR* TREATMENT HAPPENED TO RUSSIA & ITS
POPULATION, WHAT WILL BE YOUR CHOICE: EUROPE, CHINA, TURKEY OR USA???.
ARMENIA WILL CHOOSE WHO EVER RESPECT, RECOGNIZE OUR INDEPENDENCE
OUR RIGHTS IN FULL, WITHOUT POLLUTING COUNTRY WITH SS,KGB, 5th COLUMN
TYPE, TRAITOR, IMPOSITION SERVICES. ACCEPT NORTH/SOUTH TRANSIT PASSAGE,
REJECT MEGHRI TOWN CORRIDOR CONNECTION, OR, ACCEPTING TOTAL ARMENIA
*SOVEREIGN SUPERVISION*, PLUS IMPOSING TURKEY, AZERBAIJAN DAMAGE PAYMENT,
SEVRES TREATY S.D.N. RESOLUTION terms; YOU WILL NOTICE BIG CHANGE IN YOUR
FAVOR,*soon after*.