ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 12ին ընդունեց ՕՓԵՔի հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Սուլէյման ալ Հերպիշը:
Հանդիպման ընթացքին հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէնը նշեց, որ իրենք արդէն իսկ սկսած են եւ յառաջիկային մտադիր են ընդլայնել Հայաստանի գիւղատնտեսական ոլորտի զարգացման ծրագիրները:
Գոհունակութիւն յայտնելով ձեւաւորուած գործակցութեան առթիւ, Քոչարեան ողջունելի համարեց, որ գործադրուող ծրագիրները կը միտին գիւղատնտեսական ենթակառոյցներու բարելաւումին, ինչ որ անհրաժեշտ պայման է մրցունակ գիւղատնտեսութիւն ունենալու համար: Քոչարեան ՕՓԵՔի ծրագիրները կարեւոր նկատեց նաեւ Երեւան քաղաքի եւ մարզերուն միջեւ անհամաչափ զարգացումը յաղթահարելու տեսանկիւնէն:
Հերպիշ ընդգծեց նաեւ հիմնադրամի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտի նկատմամբ եւ նշեց, որ Հայաստան ունի արդիւնաւէտ գործող ուժանիւթի համակարգ եւ կը ձգտի դառնալ տարածաշրջանին մէջ ելեքտրականութիւն արտադրող եւ արտածող երկիր:
Այս առնչութեամբ նախագահ Քոչարեան հիւրին յայտնեց, որ վերջին տարիներուն լուրջ զարգացում կ’ապրին ջերմային եւ ջրային ուժանիւթի ոլորտները:
Նոյն օրը, Քոչարեան ընդունեց նաեւ հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ռապըրթ Սիմընզը: Հանդիպման ընթացքին քննուեցան Հայաստանի հետ գործակցութեան առնչուող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ ՆԱԹՕի տարածաշրջանային ծրագիրներուն:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-ՆԱԹՕ գործակցութեան արդիւնաւէտ ընթացքէն եւ նշեցին, որ աշխատանքները կ’ընթանան սահմանուած ժամանակացոյցին համապատասխան:
Նախագահ Քոչարեան եւ ՆԱԹՕի ներկայացուցիչը նաեւ մտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներու եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի վերաբերեալ: