Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ԵԱՀԿի կարիքներու գնահատման առաքելութեան անդամներուն ներկայացուց 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի զօրքերուն սանձազերծած յարձակումը եւ անոր արդիւնքները՝ ընդգծելով. «Վերոնշեալը հարուած է ոչ միայն ՀՀ ինքնիշխանութեանը, այլ նաեւ Հայաստանի ժողովրդավարութեանը»:
Ան կարեւոր նկատեց առաքելութեան աշխատանքը՝ Ատրպէյճանի յարձակումին մասին միջազգային հանրութեան ճիշդ տեղեկատուութիւն փոխանցելու առումով:
Կարիքներու գնահատման ԵԱՀԿի առաքելութիւնը գլխաւորող գնդապետ Ռոպերթ Արքատիուշ Թքաչիք յայտնեց, թէ վստահ է, որ ԵԱՀԿը պիտի շարունակէ խորացնել Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը, որուն համար կայ երկկողմ պատրաստակամութիւն: