ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Ամպրոկի-Քասթանիէ/Կալերի Սէնթ Ճերմէն»ը կը տեղեկացնէ, թէ պիտի ցուցադրէ լոս անճելըսաբնակ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի գործերը: Ցուցահանդէսը, որ կը կոչուի Nursing Notes, բաց պիտի մնայ Հոկտեմբեր 21էն մինչեւ Նոյեմբեր 11: Նոր գործերուն մէջ, Պէրպէրեան իր վերացական ոճին կը խառնէ նոթեր, մտորումներ եւ երբեմն ֆիկիւրաթիֆ շարադրութիւններ, որոնք որոշ թեթեւութիւն մը կու տան իր գործերուն:
«Մէջս զանազան մշակոյթներու միջեւ մնայուն բախում մը կայ որ կը փորձէ արուեստիս միջոցաւ լեզու գտնել եւ ինքզինք արտայայտել», կ’ըսէ Պէրպէրեան. «Հայ ըլլալս, ցեղասպանութեան տեւական ներկայութիւնը, Լիբանանը, ուր ծնած եմ, քաղաքացիական պատերազմը, որուն ականատես դարձած եմ, եւրոպական հակամշակութային շարժումը, որուն մասնակից դարձած եմ պատանեկան օրերէս, Լոս Անճելըսը, ուր կ’ապրիմ վերջին 30 տարիներուն, 38 տարեկանիս միզամանի քաղցկեղը, եւ ատոր հետեւանքով ունեցած երկվեցեակ մը գործողութիւնները, ասոնք բոլորը վստահաբար իրենց տեղը կը փորձեն գտնել իմ արուեստիս մէջ»:
Պէրպէրեան, որ իր մենախօսութիւններով եւ գիրքերով ծանօթ անուն է հայ գաղութներուն համար, ունեցած է 30է աւելի խմբային եւ անհատական ցուցահանդէսներ զանազան քաղաքներու մէջ: Իր գործերը կը տեսնուին բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ, ինչպէս Adaptation, Spiderman 1 &2, Jersey Gir,l Crank, Permanent Midnight, Jawbreaker, Executive Power, and The Big Brass Ring. Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան ժամը 6էն 9ը եւ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Նոյեմբեր 11:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել (310)652-5511 թիւին: