ՀԲԸՄը Սփիւռքը հայրենիքին կապելու իր տարբեր ծրագիրներով եւ նախաձեռնութիւններով, արդիւնաւոր գործունէութեան աւանդ ունի: Այդ ծիրին մէջ, «Հայաստան կեանքի երկիր» եւ «Յայտնաբերէ Հայաստանը» ամառնային ծրագիրները ընդգրկեցին առաւել քան 8 երկիրներէ 15-33 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ: Մասնակցելով համայնքային ծառայութեան շարք մը ծրագիրներու՝ անոնք աւելիով մօտեցան իրենց մշակութային ժառանգութեան, բարեկամական խորունկ կապեր մշակելով տեղական համայնքներուն հետ:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԿԻՐ»
Այս ծրագիրը, որ սկիզբ առած էր 2011ին, ՀԲԸՄի Փարիզի Երիտասարդաց խումբին կողմէ, Հայաստանի մէջ չորս շաբաթներու վրայ երկարող համայնքային ծառայութեան ծրագիրով մը: Մէկ ամիս ապրելով նախորոշուած գիւղի մը մէջ, համախոհներու խումբեր կ՛աշխատին վերաշինութեան ծրագիրի մը վրայ, միաժամանակ տեղւոյն վրայ կազմակերպելով զբօսանքային տարբեր ծրագիրներ եւ առողջապահական ցուցմունքներ կու տան տեղւոյն մանուկներուն եւ պատանիներուն:
Այս տարի, Ֆրանսայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն 19-33 տարիքի 22 կամաւորներ միացան Հայաստանի Տաւուշի շրջանի Սարիգիւղին մէջ՝ վերանորոգելու համար համայնքի միակ մանկապարտէզի շէնքը: Անոնք վերանորոգեցին դպրոցի 7 սենեակները, կատարելով շինարարական, ներկարարական եւ կահաւորումի աշխատանքներ: Անոնք նաեւ ստեղծեցին տարբեր յարդարանքներ, գործակցելով Դիլիջանի Fab Lab արտադրական աշխատանոցին հետ:
Իտալացի եւ հայ ծնողներէ սերած Ֆրանքա-Մարիա Ալոնկի իր գոհունակութիւնը յայտնեց ծրագիրին իր մասնակցութեան համար՝ շեշտելով, որ անհրաժեշտ է կենցաղային պատշաճ պայմաններ ապահովել շրջանի մանուկներուն համար:
Մանկապարտէզի հին շէնքը, որ նորոգուած չէր 1980ականներէն ասդին, այժմ օժտուած է ճաշասրահով, փոխուելու եւ խաղալու սենեակներով, գիշերօթիկի յարմարութիւններով, երկու մասնաբաժիններով եւ բաղնիքով: Շուտով նաեւ արեւային վահանակներ պիտի զետեղուին տանիքին վրայ՝ ելեկտրականութեան ծախսի խնայողութիւն ապահովելու համար:
Մանկապարտէզի տնօրէն Գայիանէ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ մանկապարտէզը, որ նախապէս միայն մէկ խումբ մանուկներ կրնար ընդունիլ, այս բարեփոխումներուն շնորհիւ կրնայ երեք խումբեր ընդունիլ, ծառայելով նաեւ շրջակայ գիւղերուն:
«ՀԲԸՄը Սարիգիւղի մէջ ներկայ է 2017էն ի վեր։ Շրջանի բնակչութիւնը ազնիւ են եւ մեզի համար կենսական է մնայուն կապեր ստեղծել անոնց հետ», ըսաւ ծրագիրի ղեկավար Սիմոն Ազատ Լանտրէ.:
Իր կարգին, գիւղի վարչական ղեկավար Սէյրան Սարիբէկեան ըսաւ հետեւեալը. «Մենք կը հասկնանք, թէ անհրաժեշտ է որ Սփիւռքը ինքզինք հանգիստ զգայ այստեղ: Մենք անկեղծօրէն զիրենք մեր գիւղի բնակիչներ կը նկատենք»:
Մանկապարտէզի նորոգութեան եւ համայնքին համար ձեռնարկներ կազմակերպելու առընթեր, կամաւորները առիթ ունեցան նաեւ յարաբերելու Արցախէն շրջանը ապաստանած ընտանիքներու հետ եւ անհրաժեշտ իրեր տրամադրելու անոնց: Անոնք այցելեցին նաեւ Գաւառ եւ Նոր Խարբերդ որբանոցները եւ գործունէութիւններ կազմակերպեցին Արցախէն Իջեւան ապաստանած ընտանիքներու մանուկներուն համար:
Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են վերոյիշեալ ծրագիրով կրնան այցելել կայքէջը:
«ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ՀԱՅԱԱՍՏԱՆԸ»
Այս ծրագիրը անցնող տասնամեակներուն Սփիւռքէն պատանիներու համար առիթ ստեղծած է իրենց կանուխ տարիքէն այցելելու հայրենիք եւ մասնակցութիւն բերելու տարբեր աշխատանքներու:
Այս տարի անոր մասնակցեցան 15-18 տարեկան 29 պատանիներ, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ռուսիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Թուրքիայէն: Խումբը երեք շաբաթներ անցուց Հանքաւան ճամբարին մէջ, դաստիարակչական եւ ընկերային տարբեր գործունէութիւններ իրականացնելով, հաղորդակցելով հայրենի մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին եւ այցելելով տեսարժան վայրեր եւ թանգարաններ:
Առաջին անգամ ըլլալով, առօրեայ գործածական լեզուն հայերէնն էր, նկատի ունենալով որ մասնակցողներուն մեծ մասը կրնար հայերէնով արտայայտուիլ, իսկ անոնց համար, որոնք վարժութիւնը չունէին հայերէն խօսելու, ասիկա առիթ եղաւ բարելաւելու իրենց հայերէնը, ամրապնդելով իրենց սփիւռքահայ ինքնութիւնը:
Հայաստանի մէջ բնակարանաշինութեան «Ֆուլլըր Սէնթըր»ի հետ գործակցութեամբ, խումբը մասնակցեցաւ Արագածոտնի մէջ բնակարանի մը վերանորոգումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ օգնեց Դիլիջանի Ազգային այգիին մէջ կովկասեան կարմիր եղնիկներ բուծանելու համար ստեղծուած կեդրոնի ցանկապատի նորոգութեան: «Արտասահմանեան դպրոցներ, իրենց երկրորդականի աշակերտներէն կը պահանջեն 60 ժամ ընկերային ծառայութիւն կատարել: Մենք կը ջանանք, որ անոնք իրենց ծառայութեան 40 ժամերու պարտաւորութիւնը ամբողջացնեն ի նպաստ իրենց հայրենիքին: Երեւանի մէջ մենք անոնց վկայագիրներ յանձնեցինք, գնահատելով հայրենիքի ծառայութեան իրենց առաջին քայլերը», ըսաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ պատանեկան ամառնային ծրագիրներու վարիչ Հերմինէ Տիւզեան:


Խումբի անդամները կապեր հաստատեցին տեղացի երեխաներու հետ, տրուած ըլլալով որ ճամբարի նոյն տարածքին մէջ էին նաեւ «Նայիրի» ճամբարի մասնակից պատանիները: 2020ի Արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք հիմնուած «Նայիրի» ճամբարը կը հիւրընկալէ պատերազմին զոհուած հերոսներու, վիրաւորներու, անհետ կորածներու եւ գերիներու ընտանիքներու մանուկները, անոնց համար հաճելի գործունէութիւններ իրականացնելով, մեղմելու համար անոնց վիշտը, տրամադրելով նաեւ հոգեբանական անհրաժեշտ ծառայութիւններ:
Տիւզեան կը նշէ, թէ երկու կողմերուն համար ալ օգտակար նախաձեռնութիւն մըն է ասիկա, տրուած ըլլալով որ Ճամբարի մասնակիցները կը քաջալերուին, նկատելով որ իրենց Սփիւռքի հայրենակիցները հոգատար են իրենց նկատմամբ, իսկ ծրագրին մասնակցող սփիւռքահայ պատանիները, իրենց մարդասիրական աշխատանքներու առթած գոհունակութեան զգացումներով վարձատրուած կը զգան:
«Ճամբարը ընծայեց ինծի շփուելու եւ ծանօթանալու աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած անձերու հետ, ինչ որ զիս իմ արմատներուս մօտեցնելուն առընթեր, մղեց զիս ընդարձակելու հորիզոնս», յայտնեց այս նախաձեռնութեան մասնակիցներէն Միացեալ Նահանգներէն 18ամեայ Արամ Վահան Պաղտասարեան:
Ծանօթանալու համար այս ծրագրին այցելեցէք agbu.org կայքէջը:
