Գործարար Ռուբէն Վարդանեան Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Նոյեմբերի սկիզբը Եւ պիտի ներկայացնէ ռազմավարական նպատակները, լուծման ենթակայ առաջնահերթ հարցերը, ինչպէս նաեւ պիտի տեղեկացնէ ձեռնարկուելիք առաջին քայլերուն մասին: Այս մաիսն կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Վարդանեան իր այս որոշումին մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ՝ նաեւ նշելով, որ մինչեւ Հոկտեմբերի աւարտը պիտի շարունակէ անձնակազմի եւ ծրագիրներու ձեւաւորման վերաբերող հանդիպումները:
«Ես գիտակցում եմ, որ այլեւս երկար մտածելու ժամանակ չկայ, եւ այս իրավիճակում այլ ճանապարհ չունեմ, քան արցախցիների կողքին գտնուելն ու Արցախի ապագայի նկատմամբ իմ բաժին պատասխանատուութիւնն ստանձնելը», գրած է Վարդանեան:
Ան նաեւ դիտել կու տայ, որ Արցախ կեցութեան մէկուկէս ամսուան ընթացքին Արցախի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, զանազան շրջաններու եւ ընկերային տարբեր խումբերու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումները եւ կապերը զինք համոզեցին, որ «մարդիկ աջակցում են Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի պաշտօնում իմ թեկնածութեանը եւ յանձինս ինձ ուզում են տեսնել պատասխանատու առաջնորդի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.