Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան 20 Հոկտեմբերին յայտարարեց, որ Իրանի համար անընդունելի են տարածաշրջանին մէջ պատմական սահմաններու փոփոխութիւնները՝ շեշտելով, թէ Իրան պիտի ձեռնարկէ բոլոր քայլերուն՝ դիմակայելու նոյնիսկ այդպիսի մտադրութիւն:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Ապտոլլահեան նախ նշեց, որ Կապանի մէջ հիւպատոսութեան հիմնումով աւելի յարմար եւ դիւրին պայմաններ պիտի ստեղծուին՝ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը զարգացնելու:
«Մենք ունինք միացեալ շահեր, կարծիքներ, նաեւ մտահոգութիւններ Հարաւային Կովկասի մէջ: Իրանեան կողմը ամբողջութեամբ դէմ է, որ տարածաշրջանին մէջ՝ թէ Հայաստանի, թէ Ատրպէյճանի տարածքին ներկայութիւն ըլլան օտարերկրեայ ներկայացուցիչներ: Մեզի համար շատ կարեւոր է ներքին ներկայացուցիչներու գործունէութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Իրանեան կողմը շրջանի պատմական սահմաններու փոփոխութիւններ երբեք պիտի չընդունի, անիկա մեր կարմիր գիծն է», ըսաւ Իրանի նախարարը:
Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան եւ Իրան համակարծիք են, որ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ եղած հարցերը պէտք է լուծուին բանակցութիւններու եւ կառուցողական երկխօսութեան միջոցով՝ բացառելով ուժի կիրարկումը կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքը: Հայաստան բարձր կը գնահատէ բարեկամ Իրանի սկզբունքային եւ յստակ դիրքորոշումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ:
Նախարարներու քննարկման առանցքային թեման եղաւ շրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան վերաբերող իրավիճակը: Միրզոյեան իր պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի մշական աշխատանքներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ: Նաեւ անդրադարձաւ 13-14 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակման մանրամասնութիւններուն եւ արդիւնքներուն:
«Վերահաստատել ենք ադրբեջանական զինուած ուժերի՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքից դուրսբերման, Ադրբեջանում ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիների ազատ արձակման եւ հայրենադարձման, բռնի անհետացումների զոհերի ճակատագրերի պարզաբանման եւ հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) պահպանման հրամակայանը», շեշտեց Միրզոյեան:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին թէ՛ երկկողմ եւ թէ բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին միացեալ ջանքերով հարստացնել հայ-իրանեան օրակարգը: Անոնք միտքեր փոխանակեցին առեւտուրի, ուժանիւթի, երթեւեկի, բարձր արհեստագիտութիւններու բնագաւառին մէջ համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելու հեռանկարներուն վերաբերեալ եւ անդրադարձան տնտեսական միացեալ մեծ ծրագիրները շարունակելու ու աւարտին հասցնելու թեմային:
«Յատուկ նշանակութիւն ենք տալիս ճանապարհային ենթակառուցուածքների ոլորտում Իրանի հետ կապերի ամրապնդմանը: Եւ այս առումով ի հարկէ պէտք է ընդգծել Պարսից ծոց – Սեւ ծով միջազգային տրանսպորտային (փոխադրութեան) միջանցքի ծրագրի իրագործման կարեւորութիւնը, որը կարող է ընդգրկել նաեւ այլ շահառու եւ հետաքրքրուած կողմեր, երկրներ», ըսաւ Միրզոյեան:
Նշուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի առեւտուրի շրջանառութիւնը շուրջ 700 միլիոն տոլար է՝ պայմանաւորուելով զայն հասցնել մինչեւ 1 միլիառի: