Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի Հանրային պատկերասփիւրի կայանին հետ ունեցսած զրոյցին ընթացքին, ամփոփելով երեւանեան հանդիպումները Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ՝ յայտարարեց, թէ միջազգային դերակատարները Արցախի հարցի լուծման նպաստաւոր առաջարկներ չեն ներկայացներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
«Միջազգային խաղացողները, որոնք փորձում են Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի հետ կապուած իրենց ծառայութիւնները մատուցել, արցախեան խնդիրը ստորադասում են: Պէտք է բաց ասենք մեր հասարակութեանը՝ այնքան էլ նպաստաւոր առաջարկութիւններ չեն ներկայացնում», նշեց Յարութիւնեան:
Ան մանրամասնութիւններ չտուաւ, սակայն ընդգծեց, որ Արցախ պիտի չհրաժարի իր անկախութենէն։ «Բայց դա չի խանգարում մեզ իրացնելու ՄԱԿի կանոնադրութեան համապատասխան ազգերի ինքնորոշման կարեւոր նորմը (չափանիշը), եւ մեր պայքարը լինելու է այդ նորմի շրջանակներում», ըսաւ Յարութիւնեան: