ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 30ին, Անթիլիասի Մայրավանքի իր կեդրոնատեղիին մէջ, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ), գումարեց իր անդամական Ընդհանուր ժողովը, ընտրելով իր նոր վարչութիւնը։
Ժողովի առաջին օրակարգով, ներկայ անդամներուն ներկայացուեցաւ ՀԵՀՈՄի նոր հոգեւոր խորհրդատուն Մեսրոպ աբղ. Սարգիսեան։ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական հրահանգով սոյն պաշտօնին կոչուած հայր Մեսրոպ շրջանաւարտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն։ Ան գործակցութեան եւ հաւաքական աշխատանքի կոչ ուղղելով բոլոր ներկայ անդամներուն ու կարեւորութեամբ յիշեց միութիւնը նոր անդամներով ճոխացնելու աշխատանքը, ի սպաս հայ համալսարանական երիտասարդութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ներգրաւել զանոնք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքէն ներս։
Ժողովը քննարկումի ենթարկեց նաեւ անցնող տարուան ծրագիրը եւ ըստ այնմ կատարեց նոր առաջարկներ յառաջիկայ շրջանին համար։ Յատուկ օրակարգով ընտրուեցաւ նոր վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ նշանակուեցան գործունէական հինգ յանձնախումբեր։ Նոյն առիթով կատարուեցաւ նաեւ արխիւներու ստուգում եւ տնտեսական հաշուեքննութիւն, հին ու նոր վարչութեանց փոխանցման համար։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին, նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը, ընտրելով իր դիւանը եւ քննարկումի ենթարկելով Ընդհ. ժողովէն բղխած առաջարկները։ Հոգեւոր խորհրդատուին եւ վարչութեան անդամներուն խորհրդակցութեամբ կազմուեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան ծրագիրը։