ՓԱՍԱՏԻՆԱ․- Հայոց Ցեղասպանութենէն միայն տարիներ ետք հաստատուած եւ Փասատինայի հնագոյն հայկական եկեղեցին հանդիսացող Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100ամեակի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 29 Հոկտեմբերին, Փասատինայի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ։
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է աշխարհահռչակ պատմաբան փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։
Ծրագրուած է նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։ Մասնակցութեան սակը 150 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար հեռաձայնել (626) 405-9195 եւ (818) 569-9093 թիւերուն, կամ գրել acecbanquet@gmail.com հասցէին։