«Իսրայէլ, ըստ երեւոյթին, կը պատրաստուի Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու. Այս մէկը «շատ անխոհեմ քայլ մըն է, որ պիտի քանդէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բոլոր երկկողմանի յարաբերութիւնները», ըսաւ Ռուսիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
Իր կարգին, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ «հիասթափուած» է Իսրայէլէն, որովհետեւ իր երկրին որեւէ օժանդակութիւն չէ տրամադրած ընդդէմ ռուսական ուժերուն: «Մեր գաղտնի սպասարկութենէն տեղեկացայ, որ Իսրայէլ իրողապէս այլ երկիրներու պաշտպանական համակարգեր կը տրամադրէ», ըսած էր ան:
Իսրայէլեան իշխանութիւնները նախապէս դատապարտած էին Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Ռուսիա հակադարձէ: