ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Օգոստոս 1930ին, Ռեթիմնօ, Յունաստան)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր եւ հարազատին՝ Էլիզապէթ Գասպարեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., Glendale, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Court of Liberty շրջափակին մէջ, 6300 Forest Lawn Dr. Los Angeles, CA 90068։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Արշօ եւ Ատուր Աղճայեան
Թոռները՝ Նարեկ Աղճայեան
Վիվիան Գասպարեան
Սարգիս Գասպարեան
Եւ համայն Գասպարեան, Աղճայեան, Աքեան, Արապեան եւ Պարոնեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA Kasparian Summer Academy Youth Empowerment Program, 1711 N. St. N.W. Washington, DC 20036)։
ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի դստեր եւ փեսային՝ Արշօ եւ Ատուր Աղճայեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԷԼԻԶԱՊԷԹ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը (Armenian Cultural Foundation) իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի դստեր եւ փեսային՝ Արշօ եւ Ատուր Աղճայեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։