ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Ստորեւ կու տանք Պետրոս Ալահայտոյեանի (Նոյեմբեր 29, 1934 -Սեպտեմբեր 11, 2022) յուղարկաւորութեան ընթացքին Վարդի Դանիէլեանին ներկայացուցած դամբանականը.

Այսօր եկած ենք մեր վերջին հրաժեշտը տալու բոլորիս սիրոյն եւ ակնածանքին արժանի՝ Պետրոս Ալահայտոյեանին: Ծանր է կորուստը, ոչ միայն սգակիր Ալահայտոյեան գերդաստանին, այլեւ՝ համայն հայութեան համար: Արդարեւ, հայ ազգային երաժշտութեան իր համակ կեանքը նուիրաբերած էր այս Մարդը՝ երգահաւաք, բանահաւաք, երաժշտագէտ, ազգագրագէտ, բանասէր, իսկ ի՛ր բնորոշումով՝ պարզապէս համեստ «երաժշտաբան»ը: Սակայն իր գործին եւ գործունէութեան լաւատեղեակ մասնագէտներու կարծիքով՝ Պետրոս Ալահայտոյեանը շատ դիւրաւ կրնար վկայուիլ Ph.D.-ով, առնուազն, թէ՛ որպէս երաժշտագէտ-երաժշտաբան, եւ թէ՛ որպէս ազգագրագէտ-հետազօտող իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն եւ վերլուծական աշխատութիւններուն համար: Պէտք է նշել, որ Պետրոսը բնաւ հետաքրքրուած չէ եղած տիտղոսներով ու շքանշաններով, որովհետեւ, այդ քիչ մը բոլորին շռայլուած պատիւներէն աւելի՛ անյետաձգելի, արեւու լոյսի չափ անհրաժեշտ գործ կար տանելիք, որ դարձած էր իր կեանքը կլանող տեսլականը: Ամբողջ հոգւով կը հաւատար, որ այդ գործը պիտի կարենայ, որպէս անմիջականօրէն հասանելի հումք ու ծլարձակող խթան, հարստացնել մեր տաղանդաւոր երաժշտագէտ-յօրինողներու գանձարանը, պաշար՝ , որ կարողականութիւնը ունի թափ տալու մեր ազգային ուժականութեան եւ մանաւա՛նդ ազգային ինքնութեան վերընձիւղման: Յաւէտ կորուստէ փրկելու ամենաթանկագին փրկուելիքը՝ մեր գաւառներու երգն ու բանը, այն փշրանքները, որոնք հրաշքով մերժեր էին մեռնիլ թուրքին եաթաղանով, եւ ոչ ալ թաղուիլ անապատի աւազներուն տակ, դարձուցած էր իր կիզակէտը: Պետրոսը կ՛աճապարէր զանոնք արձանագրել, տարիներ շարունակ, անդուլ, անդադար, շրջելով Սփիւռքի տարածքին ցրուած ծերանոցներուն մէջ, իրենց կեանքի վերջալոյսը քարշ տուող ծերերուն յուշերէն դուրս բերելով թէ՛ երգերու, թէ՛ անոնց շուրջ պլլուող բանաստեղծութիւններու, պարերգերու կենցաղ ու բանք պատմող յուշերու գոհարներ:
Պետրոսը, ահաւասիկ, այդ հարուստ գանձն է, զոր ինք կը կոչէ «ոսկիի հանք», կը նուիրէ ազգին, այսինքն՝ մեզի՛, բոլորի՛ս, այն լաւատես ակնկալութեամբ, որ մեր արեւելահայ տաղանդաշատ երաժիշտ-ազգագրագէտները իրենց տաղանդաւոր մշակումներով եւ ազգագրական երգերու միջոցաւ աւելի՛ պիտի գնահատեն Սփիւռքը ու ճանչնան արեւմտահայուն մշակոյթն ու կենցաղը:
Փրկուած փշրանքներով վերապրումի մասին երբ կը խօսէինք, կ՛ըսէր․ «Ի՞նչ փշրանք, ինչ բան, ոսկեհանք է գտածս: Կարեւորը հաւաքելն է, վստահ եմ դեռ կան, հաւաքող է պէտք…»:
Ընդհանրապէս, այս վերջին քանի մը տարիներուն, դարձած էր սակաւախօս, խորասուզուած՝ իր մտքերուն մէջ կը մնար ժամեր ամբողջ: Իր վարակիչ խանդավառութիւնը դժուար թէ վերականգնուէր մանաւանդ՝ իր քրոջ դստեր՝ տոքթ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի շատ վաղահաս մահէն ետք, որ Պետրոսի աջ բազուկը հանդիսացած էր որպէս երաժշտական խմբագիր եւ համակարգչային նօթագրող: Վերջերս, երբ յուսահատութիւնն էր գերիշխողը բոլորիս մէջ, ի տես՝ եւ ի լուր՝ Հայաստանի, երբ, օր մըն ալ, հեռաձայնիս խօսափողով, յանդիմանանքի պէս, կը պատասխանէր ել-նամակիս. «Վա՛րդի, Աստուծմո՛վ, ուրիշ ելք չկայ, կեանքդ աւելի հարուստ է, երբ փրկուածը կեանքն իսկ է, եւ նաեւ՝ գործո՛վ, արարողի հաւատքով պէտք է գործես»: Խրա՞տ էր, թէ ինքնահամոզման պատգամ, թէ՝ հրաւէր բոլորի՛ս, երբեք գործելէ, ստեղծագործելէ ու պայքարելէ չդադրելու:
Յիրաւի, մեծ ժառանգութիւն է մեզի վստահուածը, որ աւելի քան 25 տարիներու երախտաշատ աշխատանքի մը կոթողային արգասիքն է եղած՝ առաջինը՝ «Բալուի (Եւ Տարածաշրջանի) Երաժշտական Ազգագրական Հաւաքածոն» է, երկրորդը՝ «Վան-Վասպուրականի Ազգագրական Բնորոշ Երգային Նմուշներ»ու հատորն է, իսկ երրորդը եւ վերջինը՝ «Բարսեղ Կանաչեանի Երաժշտական Երկերու Ժողովածու»ն է (երկհատոր): Որքան շնորհակալ աշխատանք ու հատուցում պիտի ըլլայ, եթէ փորձուի, ոչ շատ ուշ ապագային, ի մի բերել, խմբագրել մամուլի մէջ լոյս տեսած իր բազմաթիւ շահեկան դասախօսութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յօդուածներն ու ակնարկ-քրոնիկները հատորով մը հրատարակուին, ամբողջացնելով Պետրոս Ալահայտոյեանի երկերու ժողովածուն:
Արեւմտահայ ժողովրդական երաժշտական մշակոյթի վերոնշեալ այդ բարձրարժէք հաւաքածոները, ինչպէս վերը նշեցի, եւ ըստ՝ իր ցանկութեան, կը նուիրէ մեզի՝ զայն հասանելի դարձնելու նպատակով՝ բոլորի՛ս, մենք ըլլանք երաժիշտ թէ՛ հայրենի աւանդներու ծարաւի երաժշտասէր։ Կը մէջբերեմ իր խօսքերը զորս արտայայտած է հարցազրոյցի մը ընթացքին․ «Նախընտրաբար (անոնք հասնին) լուսաւորութեան ծարաւ եւ զարգացումի ատակ ժողովուրդին, քան թէ սեփականութիւնը դառնան միայն բուռ մը խոժոռ քննադատ-գիտնականներու»:

Ա՛յս է իսկական պատկերը Մարդ Պետրոս Ալահայտոյեանին, զոր ներկայացնելու պատիւը ընծայուած է համեստիս: Իր՝ Աստուծոյ շնորհքով ի մի բերած փրկարար ու նպատակասլաց գործը կը հետապնդէր մէկ նպատակ. Փրկել ամէն ինչ, որ կարելի է, մեր արմատներէն, եւ շունչ ու հոգի տալ Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած այդ փշրանքներուն, եւ ապրեցնե՛լ զանոնք, որ ապրինք մե՛նք ու մեր մշակոյթը: Ա՛յս էր իր մտասեւեռումը:
Օր մը, երբ կրկին ինկեր էինք կարելիին ու անկարելիին գիրկը, կը հարցնեմ… «Պետօ, թերեւս օր մը տ’երթանք մըր էրկի՞ր…»: Քունէն արթնցողի պէս շտկուեցաւ, «Անկարելի բան չկայ » մը դուրս եկաւ կոկորդէն եւ իր մտմտուքները գացին հեռո՜ւ, շատ հեռու տեղ մը, խարսխուելու «ինչպէ՞ս»ներու անգոյն ծովուն մէջ: Յամառօրէն կը պնդէր, որ մենք ի վերուստ տաղանդաւոր ըլլալնուս համար դիմացեր ենք դարերէ ի վեր… ուրեմն՝ էրկիր տ’էրթա՞նք…
Իր գիրքերը «ինչպէ՞ս տարածել»ը զինք շատ կը մտահոգէր, բայց ահա իր որոշումը, որ կը չակերտեմ, «այս գործը կարենալ յաջողցնելու միակ եւ անհրաժեշտ ուղին, զանոնք ազգապատկան եւ բոլորին դիւրամատչելի դարձնելն է»։ Ես՝ մտահոգ իմ՝ «չեն կարդար, Պետօ, կարդացողը ո՞վ է»ի մտքերով, իսկ ինք՝ «գործերէն» բխելիքներու ծրագրումով ու անվրդով հաստատումներով, վէճ ու տարակարծութիւն չվերցնող համոզումներով: Բայց միայն ճանչնալը չի բաւեր, նոյնքան կարեւոր յանձնառութիւն է նաեւ, զանոնք տարածելը, զանոնք բոլորին հասանելի դարձնելով սերունդներ դաստիարակելը, գտնուածովն ու դեռ գտնուելիքներու պատմութիւնը տալն է, շռայլօրէն նուիրելն է զանոնք բոլոր անոնց, որոնք մանաւանդ «առնել» գիտեն, իսկ «առնել»էն ետք ալ, պէտք է նոյնքան արագ պարարտ հող պատրաստեն, որպէսզի անոնցմով պարարտացած հողը կարօտով իր մէջ ընդունի ծիլ տուող հունտը, որ ազգը ապրի, որ հայն ու մշակոյթը յաւերժի ճամբորդներ դառնան:
Հիմա մեզի կը մնայ ակնածանքով մօտենալ այդ ոսկիէ հանքին, որուն մասին կը խօսի Ալահայտոյեան իր «Կանաչեանի Երկերու Ժողովածու»ին մէջ (էջ 26) լայն բանալով մեզի ի վերուստ ընծայուած տաղանդաշատ ազգ մը եղած ըլլալու կարկինը, եւ բեղմնաւորել մեզի հասած հում նիւթը, եւ շունչ ու հոգիով օժտել զայն, արժանի ըլլալու համար մեզի կտակուած ժառանգութեան եւ տէրն ու տիրականը՝ մեր արմատներուն: Ահա այս էր իր կտակը:
Թերեւս հարց տրուի, թէ ո՞վ էր, ինչպիսի՞ խառնուածքի տէր մարդ էր, բոլորէն սիրուած ու յարգուած, չափազանց համեստ, գրեթէ շուքի մէջ գործող, իր երկարաշունչ՝ բայց ինչքան հարստացնող յօդուածներով մեզ դաստիարակող, մեզ գեղեցիկ խօսք ու բառի ընտելացնող Պետրոս Ալահայտոյեանը, որպէս Մարդ ու ամուսին, նաեւ որպէս ընկեր ու բարեկամ:
Ըստ իր շատ սիրած ու յարգած հաւատացեալ տիկնոջ՝ տիկին Վիօլէթին, Պետրոսի գլխաւոր յատկանիշը իր նուիրուած ըլլալն էր իր ազգին: Անկէ վեր՝ կար միայն Աստուածը, հայո՛ւն Աստուածը: Չափազանց խստապահանջ էր նախ՝ ինքզինքին պարտադրելով այդ մէկը, յետոյ՝ ներողամտութեամբ կը դիմաւորէր անկէ շեղողները: Ընդհանրապէս՝ սակաւախօս էր, երբեք՝ երկերեսանի, երբեք կեղծ ու շինծու: Չէր կրնար տանիլ սին գովասանքները, աւելորդաբանութիւններն ու անվերջ շաղակրատողները, վկայականներն ու տիտղոսները: Մարդուն գործն էր կարեւոր:
Կեանքն էր զինք կլանողը, վանողական ձեռքի շարժումով մը կը զգացնէր թէ չ՛ուզեր խօսիլ մահուան մասին, ինչպէս վերջերս, քանիցս կը նշէր տիկին Վիօլէթը: Բայց իր համոզիչ ու կուռ մտքերով իր տեսակէտը յստակօրէն բացայայտող ու հիմնաւորող, հաւասարակշիռ վերլուծումներով կարծիք յայտնող հեղինակաւոր մարդ էր Պետրոս Ալահայտոյեանը:
Ես զինքը ճանչցած եմ ճիշդ 20 տարի առաջ, այս օրը, 2002ի Հոկտեմբեր 3ին, երբ Մհեր Պապեանին հետ այցելեցինք զինք իրենց West Lorraine-ի վրայ գտնուող տունը: Առաջին տպաւորութի՞ւնս. զգացումներու խճողում՝ ուղեղիս մէջ – զարմանք, ակնածանք, ապշանք, անկարողութիւն՝ բառերով բան ըսելու, եւ այս ամէնը՝ իր ձայնագրած ժապաւէններուն ի տես: Իրենց տան ու կառատան բոլոր պատերը բռնող այդ մեր «հայրենի էրկրի» երգ ու բանի ձայնագրեալ վկայութիւնները, կամայ թէ ակամայ կը փշաքաղէին մարմինս: Թեւաթափ ընող մեծ ու հզօր գործի մը առջեւ էի, երբ հազիւ «ինչպէ՞ս իրականացուցիք…»ս ըսի, ծայր տուաւ սքանչելի տեղեկատուութեան մը: Հապա իր մասին կ՛ըսէին, թէ սակաւախօ՞ս է… կը մտածէի: Մենք ափ ի բերան մտիկ կ՛ընէինք զինք, իսկ այդ օր զուլալ աղբիւր դարձած կը պատմէր իր էութիւնը ամբողջութեամբ գրաւած գործին մասին, դրուագ առ դրուագ, ժամեր ամբողջ:
Որքան լաւատես էր Պետրոսը մինչեւ վերջերս: Դեռ քանի մը տարի առաջ՝ ի լուր Հայաստանին՝ «Վաղը պիտի տեսնէք», կ՛ըսէր, «այս տղաքը մեր երկիրը պիտի շէնցնեն իրենց գիտութեամբ, դեռ չերեւակայուած սխրանքներով, գիւտերով»:
Պետրոսը ապրեցաւ որպէս հաւատացեալ եւ զտարիւն հայ: «Քրիստոնէական հաւատքս ալ ինձ նման ինծի հետ կը շրջէր քաղաքէ քաղաք, կաղ հրեշտակի մը նման», նամակով մը գրած է իր տագրոջ՝ սիրուած ու յարգուած պատուելի Հապիպ Ալաճաճիին: Նոյն տեղը, աւելի անդին կը շարունակէ՝ «կ՛աշխատէի համակերպիլ եւ հասկնալ. հասկնալը մէկ բան, հաւատք ընծայելը ուրիշ բան»…։ «Հաւատք ըսուածին ալ շատ հաւատք չէի ընծայեր», կ՛ըսէ նոյն նամակին մէջ, մինչեւ իր հանդիպումը Վիօլէթին հետ, որուն «հաւատքը վարակիչ էր», կ՛ըսէր, «ստեղծագործ ներգործական նուիրումով լի, նաեւ գործնական հոգիով»։
Անցեալները, երբ Վիօլէթէն կ՛ուզէի իմանալ իր հոգեւոր առօրեայէն բխող այնպիսի փորձառութիւններու մասին, զորս կը կարծէի, որ կրնան ազդած ըլլալ Պետրոսին հոգեւոր արեւելումին վրայ, Վիօլէթը պատմեց իրենց պատմական հանդիպման մասին:
«Դուն ոսկիէ կծիկ մը ունիս, որ կ՛ուզես ինծի տալ, բայց ես կ՛ուզեմ թելը բռնելով ի՛մ կծիկս շինել», ըսած է Վիօլէթին, ամուսնութեան առաջարկ ընելու պէս, կամ՝ անոր փոխարէն:
Այսքա՞ն,- կ՛ըսեմ, – այո՛, այսքան: Եւ… ամուսնացանք,- կ՛աւելցնէ տիկին Վիօլէթը:
Իսկ ես, անձնապէս, ականատես եղած եմ Պետրոսին անձին ընդմէջէն սկսող եւ կեանքը ներամփոփող ի՛ր իսկական ինքնութեան կծիկին, անոր շուրջ փաթթուող կեանքի հոսանքին առընթեր՝ ու անպակաս վերիվայրումներուն, բայց ամենէն աւելի՝ նաեւ իր մէջ ներգրաւուած, վերածնուած հաւատքին, (շնորհիւ Վիօլէթին), որ այնքան շօշափելի կը դառնար մանաւանդ, երբ Պետրոսը կը խօսէր իր գործերուն առթելիք հաւանական կարեւորութեան, անոնց բարի ընկալման մասին՝ ի Հայաստան աշխարհ, զուգահեռները հասցնելով մինչեւ Մեծն Կոմիտաս ու Կանաչեան:
Երբ իր փորձառութենէն կը պատմէր, Ցեղասպանութենէն փրկուած քանի մը պատառիկ իր աչքերուն առջեւ շունչ ու մարմին, մեղեդիացած կեանք կը ստանային կարծէք, ու՝ «ես վստահ եմ, -կ՛ըսէր,- Երեւանի ազգագրագէտները, մե՛զ, արեւմտահայերուս աւանդական երաժշտական ակունքները պիտի յաջողին տեսնել, եւ երաժիշտները պիտի մշակման ենթարկեն ամէն մէկ ձայն ու ծպտուն»։
Բարեբախտաբար, ինք ապրեցաւ տեսնելու նաեւ Հայաստանէն իրեն հասցէագրուած բոլոր շնորհաւորանքները, իր կոթողական գործին առթիւ:
Իր հաւաքածոներն ու 25 տարուան «երգ-մասունքահաւաք»ի իր յուշերը վերջերս, իր մտքին մէջ, կամաց կամաց սկսեր էին վերածուիլ այնպիսի իւրայատուկ ներշնչարանի, ուրկէ Պետրոսը մէկիկ-մէկիկ դուրս կը բերէր իրեն պատմուած աւանդութիւններէն, ծէսերէն, գեղջկական սովորոյթներէն մէկ քանին, որ երբեմն ժպիտով կը լեցնէին իր երկնագոյն ժպիտով կկոցուող աչքերը, եւ երբեմն ալ՝ ակնկալելի թախիծ-արցունքով: Պէտք էր ներկայ ըլլալ այդ հազուադէպ վայրկեաններուն, վայելելու համար անոր աստուածաշնորհեալ ներքին բոցավառութիւնը, երբ կը խօսէր ստեղծագործական որեւէ գործի, մա՛նաւանդ Կանաչեանի մասին, որով կ՛ապրեցնէր զիս իր խօսքերուն արարումով: Կը վերանար մանաւանդ, երբ այդ ամէնը զինք կը հասցնէին տեսակ մը վերամբարձ լռութեամբ մը իր յուշերու վերըմբոշխնումին: Միշտ խանդավառ էր, ատենին, ամէն զիս տեսնելուն, որպէսզի, նախ ի՛նք վերյուշ կարդար, տեսակ մը թռիչք կատարէինք դէպի իր ներշնչարան: Վերջերս, սակայն, թէեւ պատմելիք շատ բան ունէր, սակայն յոգնած էին ոչ միայն շունչն ու կոպերը, այլեւ՝ ինչ ինչ ճիգով բերնէն դուրս թռչող բառերը: Իսկ Պետրոսը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ի՛նք, Աստուծոյ շնորհներով ու հաւատքով յագեցուած պաշարներով շինած էր ի՛ր ինքնութեան ոսկիէ կծիկը, հիմա արդէն գոհացած՝ որքան սրտառուչ խանդաղատանքով այդ ի՛ր կծիկն էր, որ կը դնէր իր սիրեցեալ, ամենաքնքուշ ու աստուածատուր համբերատարութեամբ օժտուած իր կեանքի ընկերոջ գիրկը:
Լոս Անճելըս
Հոկտեմբեր 3, 2022