Ալպանիոյ Տիւրես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 20-23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդական խումբի անդամ Գոռ Սահակեան դարձաւ մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեան, իսկ մինչեւ 20 տարեկաններու 67 քիլոկրամ ծանրութեան պայքարին մէջ Սահակեան յաղթողի կոչումը նուաճեց երկամարտի 301 քիլոկրամ (134+167) արդիւնքով: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն, իսկ լուրը հաղորդեց «Լրագիր»ը։
Եւրոպայի ախոյեանութեան 67 քկ. ծանրութեան դասակարգին մէջ, Սահակեան պոկում վարժութեան ընթացքին բարձրացուց եւ գլխավերեւը պահեց 134 քիլոկրամ, իսկ հրումին՝ 167 քիլոկրամ: Երկամարտի 301 քիլոկրամ արդիւնքով Գոռ Սահակեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկի մետալակիր:
Հայ ծանրաբարձը արծաթէ մետալներ նուաճեց պոկում եւ հրում վարժութիւններուն մէջ: Այս դասակարգին մէջ, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թուրքիոյ ներկայացուցիչներ Եուսուֆ Կենճ (298 քկ.) եւ Քան Գահրիման (293 քկ.):
Աւելի կանուխ, Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռաֆիկ Մինասեան յաջողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 256 քկ. արդիւնք մը (116 եւ 140 քկ.):
