Եւրոպական Միութեան դիտորդներէն բացի, Հայաստանի մէջ՝ Ատրպէյճանին հետ սահմանի երկայնքով կրնան նաեւ ԵԱՀԿի դիտորդներ տեղակայուիլ. հարցը կը քննարկուի։ Այս յայտարարութիւնը, ըստ «Արմէնփրէս»ի, կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրրզոյեան՝ 18 Հոկտեմբերին, նորվեկիացի իր պաշտօնակից Աննիքըն Հոյթֆելտթի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Միրզոյեան այլ փակագիծեր չբացաւ.միայն նշեց, որ մօտիկ ապագային այս գծով յաւելեալ յստակացում պիտի ըլլայ։
Դիտորդներ ուղարկելու քննարկումները կը շարունակուին նաեւ ՀԱՊԿի հետ, ինչպէս ըսաւ Լաւրովի հետ՝ նախորդ շաբաթ, Ասթանայի մէջ։ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ ասոր համար պէտք է Հայաստան ժողովի հրաւիրէ ՀԱՊԿն, որովհետեւ ինք է նախագահը, սակայն ան յայտնեց, որ Հայաստան չէ կրցած համադրել խորհուրդի նիստի գումարման օրը եւ ժամը: «Մենք բանաւոր քննարկումներով փորձել ենք հասկանալ մինչ այս պահը, գոնէ, երբ կարող է տեղի ունենալ ՀԱՊԿի խորհրդի, այսինքն` բարձրագոյն մարմնի նիստը, որտեղ երկրների ղեկավարները կարող են քննարկել նաեւ այդ նոր դիտորդական առաքելութեան գործուղումը: Այս փուլում ենք մենք այժմ, որոշում չկայ, քննարկումներ կան», յայտնեց ան՝ աւելցնելով. «Երեւանի համար չափազանց կարեւոր է, որ ՀԱՊԿում Հայաստանի գործընկերները քաղաքական գնահատական տան ստեղծուած իրավիճակին»:
Միրզոյեան՝ դիտել տալով, որ ցարդ ռազմավարական դաշինքի անդամները Ատրպէյճանի գործողութիւնները յստակ կերպով չեն դատապարտած, այլ յայտարարած են միայն, թէ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին բանակցութիւններու միջոցով:
«Մեզ նախ եւ առաջ պէտք է հասկանալ, որքանով է կազմակերպութիւնը ճանաչում իրավիճակը, որը կայ, այն է`ագրեսիա (յարձակում) Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ եւ ներխուժում ՀՀ սուվերեն (գերիշխան) տարածք», նշեց ան։
Միրզոյեան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ տուաւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան մասին՝ դիտել տալով, որ Երեւան այդ առաքելութենէն կ՛ակնկալէ նախ փաստահաւաք աշխատանք`ցոյց տալու համար, որ ինքնին ատրպէյճանական զինուած ուժերը ներխուժած են Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը:
«Բայց նաեւ, ի հարկէ, պէտք է այս առաքելութեանը վերագրենք հետագայ նոր յարձակումների, նոր ագրեսիայի կանխման կարեւոր առաքելութիւն եւ աւելի լայն իմաստով կայուն խաղաղութեան հաստատումը: Ես յոյս ունեմ, որ Եւրամիութիւնից եկող այս առաքելութիւնը դերակատարում կ՛ունենայ այդ գործում», նշեց Միրզոյեան:
Ան նաեւ արձագանգեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին օրեր առաջ կատարած այն յայտարարութեան, թէ Հայաստան տակաւին ստանձնած պարտաւորութիւններ ունի կատարելիք` անոնց կարգին յիշատակելով նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքը»: «Ատրպէյճան կը յայտարարէ, որ Լաչինը եւ Զանգեզուրը պէտք է նոյն կարգավիճակը ունենան», յայտնած էր Չաւուշողլու:
«Մեծ չափազանցութիւն կայ: Ադրբեջանը, պէտք է տեղեկացնեմ, այդպիսի բան չի ասում, եւ այդպիսի բան ասողները, վստահաբար, իրաւացիօրէն չեն կարող դա ասել: Ես չեմ թաքցնի, բանակցութիւններում Ադրբեջանը կամ Ադրբեջանի ներկայացուցիչները չեն պնդում եւ չեն առաջարկում ունենալ ճանապարհ, որը կ՛ունենայ նոյն կարգաւորումները, ինչ Լաչինի միջանցքը: Եթէ պարոն Չաւուշօղլուն իր կողմից այս կոմպոնենտն (բաղկացուցիչը) է մտցնում բանակցութիւններում, ապա երեւի լաւ կը լինի` իր անունից ասի», ըսաւ Միրզոյեան։