
ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ Ճ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան Հայ քրիստոնէական ժառանգութեան յանձնախումբին ջանքերով, անգլերէնով հրատարակուեցաւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) 175ամեակին նուիրուած Յուշամատեանը՝ «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ», աշխատասիրութեամբ եւ խմբագրութեամբ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի։
Առաջին անգամ Յուշամատեանը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, Հայաստան, 2021ին, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175ամեակին առիթով, սակայն համաճարակին պատճառաւ միջոցառումները յետաձգուեցան եւ տեղի ունեցան այս տարի, 1էն 10 Յուլիսին։
Յուշամատեանը Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութիւնն է։ Խմբագիրին՝ վեր. Թութիկեանի խօսքերով. «Անիկա Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դրուագները համայնապատկերային ձեւով կը ներկայացնէ, օգտագործելով կարեւոր առաջնակարգ եւ երկրորդական աղբիւրներ»։
175ամեակին նուիրուած Յուշամատեանը կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ Հայաստանեայց «Աւետարանական եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը», «Եկեղեցական միութիւնները, կազմակերպութիւնները» եւ «Յաւելուած»։
Առաջին մասը կը բաղկանայ վեց գլուխներէ եւ 85 էջերէ, ուր վեր. Թութիկեան Եկեղեցւոյ հակիրճ պատմութիւնը կը ներկայացնէ անոր ծագումը, վերելքը, եկեղեցական միութիւնները, աւետարանչական եւ բարեգործական կազմակերպութիւնները, Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնները, աստուածաբանութիւնը եւ ՀԱԵ նպաստներն ու ներդրումները հայ ազգին։
Երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ ութ գլուխներէ եւ 158 էջերէ։ Այս բաժինը կը վերաբերի ՀԱԵի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատմութեան։ Ներկայիս, Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը կազմուած է հետեւեալ հինգ եկեղեցական միութիւններէն եւ երկու աւետարանչական/բարեսիրական կազմակերպութիւններէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Ֆրանսայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Եւրասիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցի, Ամերիկայի Հայ աւետարանաչական ընկերակցութիւն եւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» հիմնարկութիւն։
Վերոյիշեալները մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուած է յուշամատեանին մէջ։ Ներկայի եւ անցեալի պատմութիւնը միաձուլուած են եւ ներկայացուած այնպիսի ձեւով, որ այս հատորը վերածուի բացառիկ աղբիւրի մը։
Երրորդ բաժինը «Յաւելուած»ն է, ուր յիշուած է Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիր քառասուն անդամները եւ 1850ի սուլթան Ապտուլ Մեճիտի հրամանագիրը, որուն մէջ Օսմանեան կայսրութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Աւետարանական եկեղեցին։
Յուշամատեանը սիրոյ աշխատանք մըն է աշխարհի տարբեր կողմերէ ներդրումներ կատարողներու, ներառեալ՝ ՀԱՀԱ միութեան հայ քրիստոնէական ժառանգութեան յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ձեռնարկեցին հրատարակութեան աշխատանքը եւ աջակցեցան թարգմանութեան։
Իրօք, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արժանի են բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս յուշամատեանին՝ յօդուածներ ներկայացնելով, սրբագրութիւններով, խմբագրութիւններով եւ տպագրական աշխատանքով։
Մեր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, որ յուշամատեանի հրատարակութեան ամբողջ ծախսը ստանձնեց։
Վերջապէս, յատուկ շնորհակալութիւն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանին՝ իր խորաթափանց գիտելիքներուն եւ նուիրեալ ծառայութիւններուն եւ նման հարուստ աղբիւր մը աշխատասիրելուն եւ խմբագրելուն համար, յատկապէս բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին ալ աւելիով ծանօթանալ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ։
Հատորը կարելի է ձեռք բերել Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութենէն (AEUNA)՝ 411 East Acacia Avenue, Suite 200, Glendale, CA 91205-0922 կամ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութենէն (AMAA)՝ 31 West Century Road, Paramus, N.J. 07652։