Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Հոկտեմբերին կառավարութեան նստավայրին մէջ ընդունեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Պաշտօնական կայքին վրայ հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն եւ լուսանկարներ չկան: Միայն վարչապետի կուսակցութեան` «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ լուսանկար մը տեղադրուած է՝ կարճ գրութեամբ, թէ հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Կառավարութենէն ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցեցին քննարկման բովանդակութեան մասին՝ դիտել տալով, որ «նման հանդիպումները կրում են պարբերական բնոյթ»:
Փրակի բանակցութիւններէն ետք, Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած հանրահաւաքներուն զուգահեռ, Կիրակի օր Արցախի նախագահին խօսնակը յայտարարեց, որ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ պիտի քննարկէ Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս յայտարարութեան 4րդ օրը միայն Փաշինեան ընդունեց Յարութիւնեանը՝ առանց պատուիրակութեան միւս անդամներուն: Կողմերէն ոչ մէկը պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ պատուիրակութեան միւս անդամները չեն մասնակցած հանդիպման:
Ստեփանակերտի հանրահաւաքներու կազմակերպիչներէն Տիգրան Պետրոսեան ըսաւ, որ 12 Հոկտեմբերի հանդիպումը որեւէ ձեւով չի բաւարարեր իրենց պահանջները: «Ի սկզբանէ պատուիրակութիւնը գնացել է Արայիկ Յարութիւնեանի հետ, որովհետեւ մենք յայտնել ենք, որ չենք վստահում նրա խօսքին, եւ այդ պատուիրակութիւնը գնացել է, որպէս վկայ մասնակցել Նիկոլ Փաշինեանի հետ այդ հանդիպմանը, այդ հարցերն ուղղել, պատասխանները ստանալ եւ մեզ յայտնի», յայտնեց Պետրոսեան:
Կ՛ակնկալուի, որ պատուիրակութեան միւս անդամները` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեաը, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան եւ նախագահի խորհրդական Մասիս Մայիլեան կ՛ընդունին Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ:
Փաշինեան-Յարութիւնեան հանդիպման մասին կուսակցական էջին վրայ տեղեկացնելը խնդրայարոյց նկատեց վերլուծաբան Արմէն Բաղդասարեան, մանրամասնելով, որ չարչարկուած այս հանդիպման մասին պաշտօնական էջով տեղեկութիւնը չտարածելը կը նշանակէ, որ, բացի Արցախ երթալու սահմանափակումէն, Փաշինեան արդէն նաեւ Արցախի ղեկավարութեան հետ հանդիպման հարց ունի: Բաղդասարեան նաեւ խզում կը տեսնէ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ:
«Վկայում է այն մասին, որ Նիկոլ Փաշինեանը միջազգային տարբեր ատեաններում ինչ-որ պարտաւորութիւններ ունի` պաշտօնապէս չընդունել Արցախի իշխանութիւններին: Սա մէկ, երկրորդ` այն, որ հանդիպմանը միայն Արայիկ Յարութիւնեանն է մասնակցել, վկայում է այն մասին, որ Նիկոլ Փաշինեանը չի վստահում Արցախի իշխանութիւններին եւ կարծում է, որ տեղեկատուական արտահոսք կը լինէր, եթէ ինքը ներկայացնէր մանրամասները աւելի շատ մարդկանց», նշեց քաղաքական մեկնաբանը:
Արցախի մէջ մտահոգ են Փրակի մէջ ընդունուած յայտարարութեամբ, որուն միջոցաւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը: Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ այդ պարագային ի՛նչ պիտի ըլլայ Արցախի վիճակը, Պետրոսեան ըսաւ, որ նստացոյցը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ պատուիրակութիւնը վերադառնայ Արցախ եւ պատասխանէ իրենց հարցումներուն։
«Ճանաչում յանուն փրկութեան թէզով ճանաչել Արցախի անկախութիւնը. դրանով նրանք զերծ կը մնան յետագայ բանակցութիւններից Արցախի վերաբերեալ, այսինքն` բեռը կը դնեն Արցախի իշխանութիւնների վրայ, իսկ այստեղ` տեղում, մենք արդէն կը փորձենք Արայիկ Յարութիւնեանից լիազօրութիւնները վերցնել, որպէսզի այդ կործանարար քաղաքականութիւնը չշարունակուի», ըսաւ Պետրոսեան։