Նիւթականին չափ ու անկէ աւելի, Լիբանանի հայութիւնը կարիքը ունէր բարոյակա՛ն զօրակցութեան: Այս պատճառով ալ, ըստ մեզի, «Լինսի» հիմնարկին կողմէ Լիբանանի հայկական 28 վարժարաններուն տրամադրուած 4.5 միլիոն տոլարը սոսկ թուանշային-նիւթական արժէք չէ: Այլ՝ ատկէ շատ աւելին:
Հիմա, խանդավառութիւն մը ստեղծուած է ամբողջ գաղութին մէջ: Կարելի է երեւակայել առաջին հերթին՝ գաղութի կրթական կեանքը ղեկավարող մարմիններու, եկեղեցական թէ բարեսիրական կազմակերպութիւններու մօտ ստեղծուած աշխատանքային նոր եռանդը, մանաւա՛նդ՝ պաշտօնավարող ուսուցիչներու մօտ ստեղծուած բարոյական բարձր կորովը, որու օգուտները քաղողները պիտի ըլլան յատկապէս այն երեխաները, որոնք յանձնուած են հայ ուսուցիչներու խնամքին:
Դպրոցներէն ներս, տնօրէն, վարչատնտեսական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, իրենց գրասենեակներուն մէջ թէ դասապահերու ընթացքին, իրենց համակարգիչներուն դիմաց թէ աշակերտական գրասեղաններուն մօտիկ, պիտի չապրին այն անդոհանքը, որ «դուրսի» նիւթեղէն աշխարհը կը պարտադրէ, թէ երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ծանր ու երբեմն անորոշ պայմաններուն տակ ինչպէ՞ս պիտի հոգան իրենց առօրեայ կարիքները, ինչպէ՞ս հատուցել ուսուցիչներուն՝ անոնց արդար աշխատանքին դիմաց:
«Լինսի»ի առած իշխանական քայլին շնորհիւ, այս հարցերը լուծուած են Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններէն ներս եւ բարոյական կորովի բարձր մակարդակը, խանդավառութիւնը եւ երախտագիտութեան զգացումը, յորդելով դասարաններէն ու դպրոցական գրասենեակներէն դուրս, փողոց առ փողոց վարակած է նաեւ ամբողջ գաղութը: Գաղութ մը, որ այլեւս կորաքամակ պիտի չքալէ: Գաղութ մը, որ աւելի արդիւնաւէտ կերպով պիտի կատարէ իր առաքելութիւնը՝ իբրեւ հայութեան մեծ շղթային մէկ օղակը: Վերջապէս, գաղութ մը, որ աւելի լիարժէք կերպով պիտի գործէ՝ բարձրաճակատ եւ աւելի ինքնավստահ:
Բայց այս բոլորին մէջ, պէտք չէ մոռնալ այս դրական զարգացումին բո՛ւն հերոսը, բո՛ւն դերակատարը, այն անձնաւորութիւնը, որ երբեք չէ սիրած իր անունը կարդալ թերթերուն մէջ կամ հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ: Ու ճիշդ այս պատճառով ալ, կրկնակի յարգանքի արժանի է ան: