ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ.- «Gallery Z» ցուցադրասրահին վարիչ Պերճ Արա Զոպեան կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն հայ արուեստագէտներու երկու ցուցահանդէսներ տեղի պիտի ունենան իր ցուցադրասրահին մէջ:
Առաջինը՝ Հոկտեմբեր 13-15, «Հայկական արուեստի երեք սերունդներ» խորագրով ցուցադրութիւն մըն է, Վաղարշակ, Ռոպերթ եւ Արեգ Էլիպէկեաններու արուեստի գործերուն: Այս ցուցահանդէսը իրականացած է «Համազգային»ի եւ Հայկական մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան գործակցութեամբ:
Երկրորդ ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 19էն Նոյեմբեր 11, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին Լարա Պի.ի ու Սիմոն Սամսոնեանի գործերը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել (401) 454-8844 կամ (401) 323-6913 թիւերուն:
Նկարին մէջ, «Հայկական արուեստի երեք սերունդներ» ցուցահանդէսին բացիկը: