29 Սեպտեմբերին, Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Առաքել Մարտիկեան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան եւ Գեղարգունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան ատրպէյճանական վերջին յարձակումին պատճառով վնասուած Վարդենիսի շրջանը այցելած օտար դիւանագէտներուն եւ լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձան վերջին զարգացումներուն եւ ներկայիս տիրող իրավիճակին: Այս մասին կը գրէ «Արմէնփրէս»ը:
Մարտիկեան յայտնեց, որ հայկական կողմը գիտէ, թէ 13 Սեպտեմբերի ատրպէյճանական սադրանքին պատճառով կան քանի մը դիակներ, սակայն մարմինները դուրս բերելու փորձերը հանդիպած են ատրպէյճանական ուժերու ուժեղ կրակին: Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ անհետ կորսուած զինուորներու ծնողները կ՛ահազանգեն, թէ Վերին Շորժայի դիրքերէն մէկուն բլրակին վրայ կան զինուորներու մարմիններ, որոնք տակաւին դուրս չեն բերուած պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, ըսաւ, որ այդ իրականութիւն է: «Մենք թողել ենք միայն այն դիրքերը, որտեղ մեր զինակից ընկերները զոհուել են: Այսօր մենք իսկապէս գիտենք, թէ որտեղ մեր ընկերների քանի մարմին ունենք, դա մեր ամենացաւոտ տեղն է: Յանուն հայրենիքի կեանքը տուած զինծառայողը պէտք է զինուորին վայել յանձնուի հողին», նշեց Մարտիկեան:


Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք տակաւին յարձակումի վախ կայ՝ ան ըսաւ. «Յարձակման վախ չկայ, բայց զգուշաւորութիւն միշտ կայ, եւ մենք միշտ պատրաստ ենք ու սպասում ենք»:
Ըստ Մարտիկեանի՝ նման պարագայի դիրքերուն մօտ կամ հեռու ըլլալը ոչ մէկ ռազմական նշանակութիւն ունի: «Մենք սպասում ենք, մենք պատրաստւում ենք հակառակորդին դիմակայելու եւ ջախջախելու», ըսաւ ան:
Մարտիկեան մանրամասնեց, որ 13 Սեպտեմբերի ատրպէյճանական սադրանքին իբրեւ արդիւնք հակառակորդը կրցած է Վարդենիսի ուղղութեամբ գրաւել քանի մը մարտական դիրք, որոնք կարեւոր չեն մարտավարական տեսանկիւնէն, սակայն կարեւոր են ռազմավարական առումով: Ան նշեց, որ տարածքային մեծագոյն կորուստները եղած են Ջերմուկի հատուածին մէջ:
Մարտիկեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը 13 Սեպտեմբերին սկսած յարձակումին ընթացքին դաժանաբար սպաննած են հայ վիրաւոր զինուորները, վայրագ կերպով վարուած են անոնց մարմիններուն հետ, ապա նկարած եւ տարածած:


Ան աւելցուց, որ հայկական կողմին համար պարզ է, թէ որո՛ւ հետ գործ ունի ռազմական տեսանկիւնէ: «Եւ ես պէտք է հաւաստիացնեմ, որ Զինուած ուժերն ամէն ինչ անելու են, որ կասեցնեն հակառակորդի առաջխաղացումը եւ ապահովեն մեր ազգաբնակչութեան ազատ, անկախ եւ անվտանգ կեանքը», նշեց ան:
Անդրադառնալով ներկայի իրավիճակին՝ ան յայտնեց, որ իրավիճակը շփման ամբողջ երկայնքին 29 Սեպտեմբերին եղած է համեմատաբար հանգիստ՝ բացառութեամբ զինադադարի դրութեան քանի մը խախտումներու:
Սաֆարեան իր կարգին յայտնեց, որ Հայաստան քանի մը անգամ Ատրպէյճանին առաջարկած է զօրքերու հայէլային վերադարձ։ «Մենք մի քանի անգամ առաջարկել ենք հայելային յետքաշում: Սրա վերաբերեալ տեղեկացրել ենք նաեւ մեր գործընկերներին», յայտնեց ան: Իսկ Սարգսեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական յարձակումին պատճառով Գեղարքունիքի մարզի 12 դպրոցներուն մէջ տակաւին դասաւանդութիւններ չկան, այսինքն՝ 1245 աշակերտներ զրկուած են դպրոց յաճախելու կարելիութենէն: «Երեք բնակավայրում աւերուել են տներ, թիրախաւորուել են դպրոցները, մանկապարտէզները եւ քաղաքացիական այլ ենթակառուցուածքներ: 148 բնակարան վնասուել է Սոթքում, 12 բնակարան վնասուել է Կութում եւ 2 բնակարան՝ Վերին Շորժայում: Սոթքում 7 տուն ամբողջութեամբ աւերուած է եւ նորը կառուցելու խնդիր ունենք: Մնացածի մասով կարիքներն ամբողջութեամբ գնահատուած են, առաջիկայ օրերին բնակիչներին կը լինեն փոխանցումները, որ սկսեն իրենց բնակարանների վերականգնման աշխատանքները», ըսաւ Սարգսեան: