Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 28 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ, ըստ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Բաբայեան մասնակցեցաւ Մարտունի եւ Կլենտէյլ քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութեան:
Բաբայեան կարեւոր նկատեց երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ ընկերային-տնտեսական, մարդասիրական եւ բարոյական տեսանկիւններէն: Ան աւելցուց, որ Կլենտէյլի հետ փոխգործակցութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Մարտունիի զարգացման մէջ:
Նոյն օրը Բաբայեան Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ հանդէս եկաւ «Արցախի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ պետականաշինութիւնը» նիւթով դասախօսութեամբ:

Նախքան իր ելոյթը, Բաբայեան ընդգծեց, որ իր արտասահմանեան բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին կը ձգտի հանդիպումներ ունենալ գիտական-կրրթական զանազան հաստատութիւններու մէջ՝ նկատի ունենալով նման հանդիպումներու փոխադարձ օգտակարութիւնը:
Աւարտին նախարարը պատասխանեց դասախօսական եւ ուսանողական կազմի հարցումներուն, երախտագիտութիւն յայտնեց անմիջական եւ հետաքրքրական քննարկումներուն համար:
Բաբայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգի Մոնթեպելլօ քաղաքը:
Այցելութեան սկիզբը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ Բաբայեան յարգանքի տուրք մատուցեց Եղեռնի զոհերու յիշատակին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Բաբայեանի եւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Քիմպըրլի Էն Քոպոս-Քովթորնիի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ:

Քննարկուեցան Մոնթեպելլօ-Արցախ փոխյարաբերութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: ր Բաբայեան ընգծեց, որ Արցախի մէջ կարեւոր կը նկատեն Մոնթեպելլոյի հետ փոխյարաբերութիւնները՝ այս պարունակին մէջ արժեւորելով Ստեփանակերտ-Մոնթեպելլօ քոյր քաղաքներու համաձայնագիրը, որ տարիներ շարունակ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
Հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան: