Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 29 Սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող կարգ մը երկիրներ կը փորձեն խոչընդոտել հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան կարգաւորումը: Լուրը փոխանցեց «Ազատութիւն»ը:
«Մենք կը տեսնենք, որ արտատարածաշրջանային կարգ մը դերակատարներ կը փորձեն կա՛մ անկայունութիւն մտցնել տարածաշրջանին մէջ, որ հազիւ ստացած է երկարատեւ ճգնաժամէն իրաւական եղանակով դուրս գալու կարելիութիւնը, կա՛մ Ուքրանիոյ մէջ անկայունութիւնը տեղափոխել նախկին խորհրդային այլ տարածք մը, որոնց կարգին՝ Հարաւային Կովկաս», նշեց Զախարովա: