Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն զուգահեռ, համացանցի վրայ, թուրք-ատրպէյճանցի կայքահէններու կողմէ ծաւալած է այլ պատերազմ մը՝ հայկական կայքերու դէմ։ Այս անգամ, թիրախ դարձաւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կայքէջը, որ ժամանակաւորապէս վառ առնուեցաւ, սակայն հետեւողական ջանքերու շնորհիւ, այժմ անիկա վերահաստատուած է եւ գործէ կանոնաւորապէս, կը հաղորդէ «Ազատ Օր»ը։
Թուրք-ատրպէյճանցի կայքահէնները կայքին վրայ ժամանակաւորապէս տեղադրեցին նկար մը, որուն վրայ կ՛երեւին թրքական եւ ատրպէյճանական դրօշակները եւ Էրտողանի ծանօթ սպառնալիքը Յունաստանին՝ «Կրնանք գիշեր մը յանկարծակի գալ»։