Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս՝ մեկնաբանելով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումը՝ դիտել տուաւ, որ իրենց համար շատ կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումներու մերձեցումը, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Փրայս յիշեցուց, որ ասիկա երկու արտաքին գործոց նախարարներու առաջին անձնական հանդիպումն էր բռնութեան վերջին բռնկումէն ետք։ «Արտաքին գործոց նախարարը (Միացեալ Նահանգներու-Խմբ.) նշեց զինադադարին հետեւելու եւ հանդարտութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը։ Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է կայուն զինադադարին եւ խաղաղ լուծման։ Մենք երկու արտաքին գործոց նախարարներուն ըսինք, որ պատրաստ ենք գործընկերներու հետ երկկողմ եւ բազմակողմ մակարդակով աջակցելու այս հոլովոյթին։ Ասիկա կը ներառէ աջակցութիւն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն։ Այդ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին յառաջընթացի լաւագոյն ուղին, եւ արտաքին գործոց նախարարը կողմերը հրաւիրեց միտքեր փոխանակելու, թէ ինչպէս կարելի է մինչեւ ամսուան վերջը էականօրէն յառաջ տանիլ խաղաղ հոլովոյթը։ Մեր ուղերձը հետեւողական եղած է։ Մենք Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք՝ զօրքերը վերադարձնելու իրենց սկզբնական դիրքերը։ Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ զինուորական ուժերը դուրս բերելու եւ կ՛աշխատինք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը լուծելու խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։ Ուժի կիրառումը ընդունելի միջոց չէ։ Մենք այդ մէկը յատուկ կերպով շեշտած ենք։ Մենք այդ յայտարարած ենք նաեւ հրապարակաւ եւ ուրախ ենք, որ մեր շարունակական ներգրաւուածութիւնը, ներառեալ բարձր մակարդակով, նաեւ նախորդ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ, երկու երկիրներուն հետ օգնեց դադրեցնելու մարտերը, եւ մենք պիտի շարունակենք ներգրաւուիլ եւ խրախուսել աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է տեւական խաղաղութեան ձեռքբերման առումով, որովհետեւ այս տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ», ըսաւ Փրայս։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը ե՛րբ տեղի կրնայ ունենալ՝ Փրայս ըսաւ. «Այդ մէկը երկու երկիրներուն որոշումը պիտի ըլլայ։ Սակայն մենք կը կարծենք, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետագայ անմիջական համագործակցութիւնը կը համապատասխանէ ոչ միայն անոնց, այլ նաեւ տարածաշրջանի շահերուն։ Մենք օգնութիւն առաջարկած ենք, դարձեալ երկկողմ, եռակողմ, բազմակողմ մակարդակով, եւ, անշուշտ, Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ»։
Փրայս հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու հարցը կողմերը մերձեցնելն է, դիւրացնել երկխօսութիւնը եւ կողմերուն օգնել՝ միասին յաղթահարելու տարակարծութիւնները՝ խաղաղ եւ դիւանագիտական ճամբով։
Ըստ «Ինթերֆաքս-Ատրպէյճան» լրատու գործակալութեան՝ ԵԱՀԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփենթըր հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բարելաւման ջանքերուն։ Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն այս հարցով մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ։
Ըստ անոր՝ Միացեալ Նահանգները կը սատարէ «Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու բարելաւման, տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցային միջանցքներու բացման, բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման եւ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան»։