ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ունին աւելի քան 300 տարուան պատմութիւն: Այստեղ պիտի չքննարկենք պատմական յարաբերութիւններու բոլոր անցուդարձները, այլ պիտի բաւարարուինք Հայաստանի անկախացումէն՝ 1991էն ետք հայ-ռուսական քաղաքական հանգանակը քննարկելով, քաջ գիտակցելով որ մեծ պետութիւններու քաղաքական շահերը վարչակարգերու փոփոխութեամբ կամ ժամանակի համահունչ գաղափարական դիմագիծերու տակ թաքնուելով չեն փոխուիր: Ասոր ամէնէն վառ օրինակը Ռուսիան է, որ ցարական, համայնավար թէ ներկայ դրամատիրական վարչակարգերով նոյն քաղաքականութիւնն է, որ կը վարէ:
1991ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումով, այդ կայսրութեան ենթակայութեան տակ գտնուող երկիրները ինքնաբերաբար անկախացան: Խորհրդային կարգերու ներքին քաղաքականութիւնը հիմնուած էր տարբեր երկիրներու միջեւ հակամարտութիւններու «օճախ»ներու ստեղծելու գաղափարին վրայ, որպէսզի անոնք միշտ կախեալ մնան Ռուսիայէն կամ վերջինս քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական լծակներ ունենայ, ազդելու այդ երկիրներուն վրայ եւ ամբողջութեամբ Ռուսիայէն չանկախանան:
Այս հակամարտութիւններու լաւագոյն օրինակը Արցախեան հիմնախնդիրն է:
Դժբախտաբար, հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը ճիշդ գնահատականը չտուաւ Խորհրդային Միութեան եւ անոր փլուզման: Մօտաւորապէս 45 տարիներու Պաղ պատերազմէն ետք, Խորհրդային Միութիւնը քայքայուեցաւ իբրեւ կայսրութիւն, այլ խօսքով պարտուեցաւ Արեւմուտքէն: Որքան իրատեսական էր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ապագան եւ զարգացման ուղին կապել պարտուած պետութեան մը հետ․ այսօր բացայայտ կը դառնայ, թէ քաղաքականօրէն ոչ ճիշդ ճամբայ ընտրուած է 1991էն ի վեր:
1991ին, Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրէին, քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական համաձայնութիւններ եղան ՆԱԹՕի եւ խորհրդային վերջին վարչակարգին միջեւ, որոնցմէ գլխաւորը այն էր, որ Ռուսիան պիտի ճանչնար նորանկախ հանրապետութիւնները եւ պիտի չվերադառնար կայսրութեան ստեղծումին:
Դժբախտաբար մենք միշտ ալ ունեցած ենք այն խաբկանքը, որ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ մենք կը ներկայացնենք Ռուսիոյ շահերը եւ Ռուսիա իր գոյութեան համար պէտք ունի զօրաւոր Հայաստանի մը, որ արգելք է նախ Թուրքիոյ դէպի Կովկաս թափանցումին, ինչպէս նաեւ փանթուրանականութեան, որովհետեւ փանթուրականութիւնը նոյնքան վտանգ է Ռուսիոյ, որքան Հայաստանին:
Արցախեան առաջին պատերազմի մեր յաղթանակը եւ Ռուսիոյ առնուազն չէզոքութիւնը երբեմն նաեւ հայանպաստ դիրքորոշումը այս պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել: Ռուսիոյ այդ օրերու նախագահ Ելցինը ջատագովն էր անկախ եւ ժողովրդավար Ռուսիոյ: Բայց խորհրդային կարգերու փլուզումով, կայսրութեան պահպանման կողմնակիցները ամբողջութեամբ չէին չէզոքացուած եւ ազդեցիկ էին Քրեմլինի մէջ եւ քանի մը տարի ետք յաջողեցան գահընկէց ընել Ելցինը:
Արցախեան առաջին պատերազմին աւարտին, Մայիսի 12ին ստորագրուած զինադադարը հայկական կողմի յաղթանակի ամրագրումը չէր, այլ յաղթանակի կասեցումը: Աւելի ուշ, 1997ին, երբ Ելցին արդէն անուանական նախագահ էր, ստորագրուեցաւ Հայ-ռուսական ռազմավարական դաշինքը, որուն յաջորդեց «անկախութեան սերունդի» չէզոքացումը: Լ. Տէր Պետրոսեան հրաժարեցաւ նախագահի իր ժամկէտը լրանալէն երեք տարի առաջ, Արցախեան հարցի «կարծր» ներկայացուցիչ Վազգէն Սարգսեան սպաննուեցաւ խորհրդարանին մէջ: Այս իրադարձութիւններէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները ժամանակի ընթացքին Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները յանձնեցին ռուսերուն, այսպիսով զրկուելով նուազագոյն ինքնիշխանութենէ եւ աւելի ուշ, անբացատրելի պայմաններու տակ, Հայաստանը միացաւ ՀԱՊԿի կառոյցին եւ ԵԱՏՄին:
Այսպիսով, շուրջ 15 տարիներու ընթացքին, Ռուսիա իր լծակները վերահաստատեց Հայաստանի վրայ եւ վերջինիս ապիկար ղեկավարներու ներքին սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով մսխուած եւ կորսուած էին հայկական պետականութեան հիմնասիւները, գոյութեան եւ ինքնուրոյնութեան կռուանները:
2015ին, Արցախեան հիմնահարցի իբրեւ լուծման տարբերակ հրապարակուեցաւ Լաւրովեան ծրագիրը, որ ըստ էութեան չէր բխեր հայ ժողովուրդի շահերէն: Այս ծրագիրը ինքնին հարուած մըն էր Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակով ձեռք բերուած Արցախի ազատագրութեան եւ միաժամանակ կ՛արտացոլացնէր ռուսական կայսերական նկրտումները՝ վերահաստատելու համար ռուսական լծակները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ։
2020ի Արցախեան 44օրեայ պատերազմը արդիւնք էր ռուսերու եւ թուրքերու միջեւ յստակ պայմանաւորուածութեան եւ յաւելեալ ապացոյց մը, թէ Ռուսիա Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը դիտէ իբրեւ իր կայսրութեան ծայրամաս: Իսկ Նոյեմբեր 9ի յայտարարութենէն մինչեւ այսօր կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ռուսական քաղաքականութիւնը չի համընկնիր Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն։
Սեպտեմբեր 13ին Ատրպէյճանի ձեռնարկած եռօրեայ պատերազմը եւ ռուսական լռութիւնը մեծ հարցականներ ստեղծեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն շուրջ: Հայաստան, որ կը դիմագրաւէ անվտանգային լուրջ խնդիր, երեսի վրայ ձգուած է իր ռազմավարական դաշնակիցին կողմէ, իսկ վերջին երկու տարիներուն Հայաստանի դէմ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումները ապացուցեցին որ ՀԱՊԿը իբրեւ զինուորական կառոյց, դիակ մըն է:
Վերջապէս, հասկնալու համար Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ ռուսական քաղաքականութիւնը, պէտք է վկայակոչել ՀՅԴի հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի պատմական անժամանցելի հետեւեալ պատգամը․
«Ռուսական անընդունակ բիւրոկրատիան (դիւանակալութիւնը) եթէ շատ բան էլ չի հասկանում, գոնէ այդքանը հասկանում է, որ սեփական ուժը պահպանելու հիմնաքարը իր իսկ հպատակների թուլութիւնն է հանդիսանում: Որ հայերն ամենախոնարհ կերպով համակերպւում են Ռուսաստանի բոլոր հարուածներին՝ այդ եւս ստոյգ է: Յայտնի է նոյնպէս, որ նոյն ռուս կառավարութիւնը կովկասեան ազգերից թաթարներին նախընտրում է բոլորից աւելին»։
Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով, այսօր Հայաստանի առջեւ եղող մարտահրաւէրները նոյնն են, ինչ որ էին 1988ին, Խորհրդային Միութեան քայքայման նախօրէին: Եթէ 1988ին կրցանք ազգովին յաղթահարել այդ դժուարին քաղաքական փորձութիւնը, ապա այսօր հայութիւնը, միասնութեան կողքին, պէտք է ունենալ հմուտ դիւանագիտութիւն, որովհետեւ ի տարբերութիւն 1988ին, բազմաթիւ գործօններ ի նպաստ հայութեան չեն: