Մշակութային ամսուան առիթով ընդհանրապէս ներկայացուցած ենք պատմական թէ ժամանակակից նիւթեր, այս անգամ կը ներկայացնենք արեւմտահայութեան մշակութային զարթօնքը, որ 19րդ եւ 20րդ դարու հայ իրականութեան դժնդակ եւ ողբերգական պայմաններու նախօրեակին հայութեան տուաւ փառաւոր եւ աննախընթաց ոսկեդար:
Առաջին Շրջան, Զարթօնք.- Պոլիսը կը ներկայացնէր թրքական կենցաղի եւ եւրոպական մշակոյթներու միջավայրային խառն քաղաք մը: Այնտեղ քաղաքական պատճառներով կայք հաստատած էին անգլիացիներ եւ ֆրանսացիներ: Նմանապէս, Պոլիսը կը հանդիսանար կեդրոնը հայութեան:
Սիսի Կիլիկեան կաթողիկոսութիւնը կորսնցուցած ըլլալով իր հեղինակութիւնը արեւմտահայութեան համար, Պոլիսը կը մնար պաշտօնապէս ներկայացուցիչը հայութեան քաղաքական, կրօնական, անշուշտ նաեւ ազգային իմաստներով:
Պոլսոյ մէջ կային 126,000 հայեր եւ 125,000 յոյներ: Կասկածէ վեր է, որ հայերը անհամեմատօրէն շատ աւելի աշխոյժ էին բոլոր միւս քրիստոնեայ համայնքներէն, յատկապէս յոյներէն:
Հիմնականը պոլսահայերն էին, որ բացուած ըլլալով եւրոպական մշակոյթի եւ յառաջդիմութեան, աւելի ապահով կը զգային եւրոպական հսկողութեան տակ առնուած այս մայրաքաղաքին մէջ եւ անշուշտ համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններով կ’ապրէին: Գաւառներէն մեծ թիւով երիտասարդներ, յատկապէս մտաւորականներ կը նախընտրէին լայն ուսման տէր եւ ապագայ ունենալու նախանձախնդրութեամբ գալ Պոլիս: Այս խտացումը հայկական օրրանի երեւոյթ կու տար Թուրքիոյ մայրաքաղաքին:
1850ական թուականներէն մինչեւ 1915, այսինքն 19րդ դարու կէսէն մինչեւ 20րդ դարու նախաշեմին, կ’ըլլան այնպիսի իրագործումներ, որոնք փառքը կը հանդիսանան հայ մշակոյթին: Նոյն, ժառանգուած դրամագլուխով, նոր սերունդները իբրեւ անխոնջ դրօշակակիրներ, արեւմտահայ լեզուն եւ մշակոյթը կը պահպանեն արտերկրի բազմաթիւ տարածքներու մէջ:
Հաւանաբար պատմական տարերքի մէջ գտնուելու համար պէտք է սկսիլ Թանզիմաթով, որ Պոլսոյ մէջ կը հռչակուի 1839ին եւ որ հաւասարութիւն կու տար քրիստոնեայ տարրին: Այս ազատական առաջադրութեան մէջ էր, որ աճում կ’ունենայ հայ տարրը:
Կարեւոր երեւոյթ մըն է արեւմտահայութեան համար Ազգ. սահմանադրութիւնը, 1863ին վաւերացուած, որ կը ներկայացնէր համայն Պոլսոյ պատրիարքարանին զաւակներուն իրաւունքը՝ դեմոկրատական սկզբունքներով, հանդիսանալով հայութեան ազգային եւ կրօնական՝ տեսակ մը ինքնավարութիւնը եւրոպական հասկացութեամբ: Այլ խօսքով, կը դառնար թրքահայութեան ներքին պետութիւնը:
Պէտք է առաջին առիթով այս յառաջընթացին մէջ յիշել այն հայերը, որոնք արդէն իսկ տարիներու ընթացքին դարձած էին օսմանեան կառավարութեան կառոյցին հիմնաքարային մասնագէտները, տնտեսական, առեւտրական, դրամատիրական մինչեւ իսկ ճարտարապետական նախաձեռնութիւններուն մէջ: Խօսքը հայ ամիրաներուն մասին է, որոնք պետական մեքենային ծառայելով հանդերձ, նոյնքան եւ հայրենասէր հայեր էին եւ մնայուն հոգատարութիւն կ’ընծայէին հայ ժողովուրդին:
Ուրեմն, ամիրաներու քաջալերութեամբ եւ ստեղծուած համեմատական այս ազատութեան մէջ առաջին առիթով կ’աշխուժանայ կրթական կեանքը:
Այսպէս, Շնորհք Մկրտիչ Ամիրան Պոլսոյ թաղերուն մէջ կը հիմնէ դպրոցներ: Իսկ Կարապետ Ամիրա Պալեան 1838ին կը հաստատէ հայ իրականութեան մէջ առաջին երկրորդական վարժարանը հանդիսացող Սկիւտարի ճեմարանը, որ հետագային աներեւակայելի կրթական ծառայութեամբ պիտի պատրաստէր ուսուցիչ, մտաւորական եւ գրող սերունդներ:
Բայց Պոլսոյ ժողովուրդը չէր բաղկանար միայն հարուստներէ եւ դիրք ունեցող անհատներէ: Ժողովրդային մակարդակի արհեստաւորները, այդ օրերու բացատրութեամբ՝ էսնաֆները, կը յաջողին դեմոկրատական սկզբունքներէ քաջալերուած, իրենց մասնակցութիւնը բերել կրթական, պատրիարքարանի, եկեղեցական մարմիններուն կեանքին եւ կ’ունենան առհասարակ ազգային հետաքրքրութիւն:
Այս յաջողած հայերը եւս ի վիճակի կ’ըլլային ազնուական համարուած հայերուն նման իրենց զաւակները ուղարկել Եւրոպա ուսանելու համար: Յատկապէս ուսման կեդրոններ էին Վենետիկ, Պելճիքա, Զուիցերիա եւ առաւելաբար Ֆրանսա: Եւ բնական է, որ Ֆրանսայի մէջ յատկապէս հայ ուսանողները ջրդեղուէին ազատական գաղափարներով, ազդուած ֆրանսական յեղափոխութեան կարգախօսներէն – ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն: Իսկ Վենետիկ այդ ուսանողներուն կու տար հայեցի աւանդական ոգի, հայագիտական ուսում եւ ազգային ջերմութիւն:
Այս զարթօնքի նախակարապետը պիտի ըլլար Վենետիկ, որ Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէր առաջին արեւմտահայ մամուլին՝ «Դիտակ բիւզանդեան» անունով:
Հայերէն լեզուով մամուլը արդէն կը դառնար անհրաժեշտութիւն մը: Այսպէս՝ 1832ին Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթը՝ «Լրոյ գիր մեծի տէրութեան օսմանեան» անունով, թարգմանաբար հայութեան կը ներկայացնէր պետական լուրերը:
Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ այս հրատարակութենէն քաջալերուած, կը սկսին լոյս տեսնել լուրջ բովանդակութեամբ թերթեր:
Մամուլի այս արշաւին կը նպաստէ Պոլսոյ մէջ Մխիթարեաններու ունեցած դպրոցական թէ գրական գործունէութիւնը: Անոնք իրենց տարիներու փորձառութեամբ կը հրատարակեն դպրոցական եւ գրական աշխատասիրութիւններ:
Ընթերցանութեան տարածման զարկ տալու համար, առաջին հերթին կը հրատարակուին թրքալեզու հայատառ թերթեր: Անոնց անմիջապէս կը յաջորդեն հայերէն թերթեր, որոնց շնորհիւ հետզհետէ հրապարակէն կը վերցուին թրքալեզու եւ անհասկնալի գաւառաբարբառային գրութիւնները:
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑ
Նոյն ժամանակաշրջանին պայքար մը ծայր կու տայ աշխարհաբարի եւ գրաբարի միջեւ: Ժողովուրդը եկեղեցւոյ մէջ կը լսէր գրաբարը, առանց շատ բան հասկնալու, ան կը սկսէր խօսիլ լեզու մը, որ մաս կը կազմէր ընթացիկ կեանքին: Արդ՝ անհրաժեշտ էր հասարակաց լեզու մը, բայց տարիներու ընթացքին թուրքերու հետ ապրող հայութեան համար դժուար էր չազդուիլ թրքերէնէն, եւ պոլսահայ բարբառը կը դառնար խառն՝ թրքերէնով: Անհրաժեշտ էր զտում կատարել:
Այս մնթոլորտին մէջ կային ազնուականներ, որոնք թրքախառն հայերէն չխօսելու համար կը նախընտրէին ֆրանսերէն լեզուն գործածել:
Վերջ պէտք է տրուէր այս կացութեան: Պէտք էր հայութեան տալ հասարակաց լեզու մը:
Կարելի չէր գրաբարէն հեռանալով թրքախառն հայերէնին ապաւինիլ: Ուստի պայքար՝ երկու ճակատներու վրայ: Ժամանակը եկած էր ձերբազատուելու գրաբարէն, պէտք էր դառնալ ժողովուրդին: Բայց ի՞նչ լեզուով դիմել ժողովուրդին, ո՞ր բարբառով: Կարելի չէր ուշադրութիւնը հեռացնել Պոլիսէն. գաւառաբարբառներուն մէջ կարելի չէր գտնել նոյնիսկ իր խառն վիճակին մէջ պոլսահայ բարբառի առաւելութիւնը: Ան ունէր անհամեմատ աւելի նրբութիւն, քան ժամանակակից որեւէ գաւառաբարբառ:
Պոլսահայ բարբառը, թէեւ թրքախառն, կը հետեւէր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող կիլիկեան հայերէնի կառոյցին:
Եւ կը սկսէր բուռն պայքարը մը, որ ծանօթ է իբրեւ ԳՐԱՊԱՅՔԱՐ՝ գրաբարապաշտներու եւ աշխարհաբարի ջատագովներու միջեւ:
Երկուստեք տեղի կ’ունենայ բուռն ընդդիմախօսութիւն: Գրաբարականները անոր գեղեցկութեան, ազնուականութեան եւ քերականական կառոյցին վրայ կը դնեն իրենց շեշտը, իսկ աշխարհաբարի ջատագովները կը յիշեցնեն ժամանակի հոլովոյթին պահանջը, թէ կարելի չէ դասականացած եւ եկեղեցւոյ սահմաններուն մէջ մնացած գրաբարը ժոովրդականացնել, ի գին կարգ մը զիջումներու անհրաժեշտ էր ստեղծել լեզու մը, որով ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդի զաւակներուն սիրոյն խօսիլ:
Չենք ուզեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, արդէն լոյս տեսած էին գաւառաբարբառներով կարգ մը գրքոյկները: Նոյնիսկ կը գտնուին հայ լեզուի դասական քերականութեան անյարիր կանոններու առաջարկներ, բայց այդ բոլորը հետզհետէ կը նահանջեն եւ հաստատուած մօտ 50 դպրոցներու հետ եւ եկեղեցիները, միութիւնները եւ թերթերը կը նպաստեն, որ աշխարհաբարը յաղթանակէ:
Աշխարհաբարի յաջողութեան մէջ մեծ դեր կ’ունենայ Իզմիրի մէջ 1853ին Անդրէաս պատուելի Փափազեանի կողմէ Աստուածաշունչի ամբողջական թարգմանութիւնը:
Բայց ինչպէ՞ս կազմուեցաւ աշխարհաբարը: Հիմնուիլ գրաբար լեզուին վրայ եւ որքան հնարաւոր է առաւելագոյն չափով օգտուիլ անոր ներկայացուցած առաւելութիւններէն: Առնել գրաբարէն բառեր եւ յարմարցնել նոր լեզուին: Ստեղծել լեզուական պատշաճութեան սահմաններու մէջ նոր բառեր: Այդ օրերուն պոլսահայ բարբառին մէջ գտնուող մօտ 4000 բառերը հետզհետէ զտել եւ հայացնել: Կատարել թարգմանութիւններ օտար լեզուներէն, յատկապէս եթէ այդ բառերուն հոմանիշները չկան մեր լեզուին մէջ՝ յառաջացնել նոր եզրեր: Գաւառաբարբառներէն առնել բառեր եւ զանոնք կոկելով աշխարհաբարին պատշաճեցնել:
Պոլսոյ հայերէնի մասին գաղափար մը տալու համար կը ներկայացնենք այս պատկերը: Երբ օր մը պոլսահայ տիկիններ նաւակով իրենց գիւղերը կ’երթային, նաւակին մէջ եղած է նաեւ թրքուհի մը: Անոնք խօսած են թուրքին դէմ, յայտնելով իրարու՝ «Աստուած, ե՞րբ ռուսին ղըլըճը պիտի գայ եւ այս թուրքերը քէօքէն չորցնէ»: Հայերէնէ աւելի թրքերէն ըսուած այս խօսքը հասկնալով, թրքուհին կը զայրանայ եւ կ’ապտակէ հայուհին:
Հայակերտման հսկայական աշխատանքը կը տարուի տարիներու ընթացքին եւ այնքան հայրենասիրական ոգիով, որ կը դառնայ վարակիչ երեւոյթ մը կրթական թէ մտաւորական-հրատարակչական կեանքին մէջ:
Այս մասին խօսելով, Հրաչեայ Աճառեան կը յայտնէ, որ ուսանողներ իրենց ծոցագրպաններուն մէջ կը պտըտցնէին տետրակներ, ուր կ’արձանագրէին ամէն անգամ, որ նոր հայերէն բառի մը հանդիպէին:
Այստեղ անհրաժեշտ է արձանագրել, որ աշխարհաբարի տիրապետութիւնը շատ դժուար չեղաւ, այո, գրաբարականները ուժեղ պայքար կը տանին, բայց աշխարհաբարը նորութիւն չէր հայ մշակոյթին մէջ: Անոր հիմերը կու գային 9րդ դարէն, երբ Շապուհ Բագրատունի գրած էր Բագրատունեաց տոհմին պատմութիւնը եւ գործածած էր օրուան ժողովրդական խօսակցական լեզուն: Նաեւ, դարերու ընթացքին, Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»ը 13րդ դարուն եւ բազմաթիւ գիրքեր, յատկապէս Կիլիկեան օրերուն առատ են եղած աշխարհաբարեան բացատրութիւններով, ուստի անոնց հետեւողութեամբ արդէն բաւական նիւթ կար աշխարհաբարի:
Իսկ ընդհանրապէս հետեւեալ մարզերով հարստացաւ արեւմտահայ աշխարհաբարը: Օրինակ՝
– Գրաբարի մէջ գոյութիւն ունէր ատամ, գաւառաբարբառներէն առնուեցաւ ակռայ, բառը: Գրաբար ակն՝ աշխահաբար՝ աչք. դուստր՝ աղջիկ. գեղեցիկ՝ աղուոր. երկիւղ՝ վախ. այժմ՝ հիմա:
Գրաբարէն առնուած եւ նոր իմաստներու յարմարցուած բառեր.- Ոստիկան՝ կառավարիչ էր, եղած է կարգապահ փոլիս: Նախարար իշխանական իմաստէն այսօր դարձած է պետական քարտուղար: Պարոն՝ իշխանական տիտղոս էր, այսօր արդէն քաղաքավարական բացատրութիւն է: Պաղպաղակ՝ քրիսթալի իմաստ էր՝ այսօր Ice Cream է: Գրաբարեան բացատրութիւններ, որոնք նոյն իմաստով կը գործածուին այսօր՝ օր ըստ օրէ, յամենայնդէպս, ի յառաջագունէ, արանց եւ կանանց:
Լեզուական այլ ներդրումները կը ստեղծուին զանազան գրողներու, թարգմանիչներու եւ խմբագիրներուն կողմէ:
Այս ճիգին իրենց մեծ նպաստը կը բերեն Մատթէոս Մամուրեան, Գրիգոր Չիլինկիրեան, Մեսրոպ Նուպարեան, Կարապետ Իւթիւճեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան եւ ուրիշներ, որոնք կը կատարեն թարգմանութիւններ:
Այս աշխատանքին մէջ մեծ դեր ունէին Իզմիրի եւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող թերթերը, յատկապէս «Արեւելեան մամուլ», «Մասիս», «Մեղու» եւայլն:
Նմանապէս այս լեզուական եւ հրապարակագրական-թարգմանական աշխուժութեան մէջ մեծ նշանակութիւն կ’ունենան միութիւններու կազմութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ «Կրթասիրաց», «Բարեսիրական» եւայլն: Նաեւ զարկ կը տրուի գաւառներու մէջ դպրոցական ցանցի յառաջացման: Կը քաջալերուի կնոջական դաստիարակութիւնը, որուն լոյսին տակ Սրբուհի Տիւսաբի նման բանաստեղծուհիներ կը սկսին քաջալերել ֆեմինիզմի շարժումը, պաշտպանելով հայ կնոջ իրաւունքը ազգային եւ մշակութային կեանքի մարզերուն մէջ:
Այս աշխատանքին զուգահեռ, կը սկսին պատրաստուիլ եւրոպական դաստիարակչական բնոյթով դասագիրքեր, զարկ կը տրուի նաեւ ուսուցչութեան: Մեծ թիւով դասատուներու կարիքը կը զգացուի տեղական թէ գաւառներու մէջ բացուող դպրոցներուն համար:
Թուեցինք կարգ մը անուններ առաջին շրջանին:
Գրական նուաճումներուն անդրադառնալէ առաջ, հարկ է յիշել մեր կեանքին մէջ այն աննախընթաց երեւոյթը՝ թատրոնը, որ ունեցանք Պոլսոյ մէջ: Կը մշակուի թատերական գրականութիւն, կը կազմուին թատերախումբեր, մեծ դերասաններ ի յայտ կու գան եւ Եւրոպայի թատերական կեանքին հետեւողութեամբ բացառիկ երեւոյթներ կը ստեղծուին: Նախ յիշենք շրջանի թատերագիրները.-
Սրապիոն Թղլեան, Սրապիոն Հեքիմեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Պետրոս Դուրեան, Խորէն Նարպէյ եւ ուրիշներ:
Դերասաններէն պէտք է յիշել Պետրոս Ադամեան, Յովհ. Զարիֆեան, Սիրանոյշ, Ալ. Մնակեան, Չափրաստ, Տիգրան Թոսպատ: Պետրոս Ադամեան առաջին անգամ եւրոպական մակարդակի հասկացողութեամբ հայկական բեմէն կը ներկայացնէ Շէյքսփիր:
Այս դերասանները եւ առհասարակ թատերական կեանքը երկար չեն կրնար իր յառաջընթացը շարունակել, որովհետեւ կառավարութիւնը թատրոնին մէջ կը տեսնէ հայ հայրենասիրական մտածողութեան արտայայտութիւն եւ արգելք կը հանդիսանայ, պատճառ դառնալով, որ դերասաններուն մեծ մասը մեկնի Կովկաս:
Արձակի մէջ արժանաւոր անուններ են Թլկատինցի, Գրիգոր Օտեան, Ծերենց, Գրիգոր Զօհրապ, Երուխան, Ռուբէն Զարդարեան, Գեղամ Բարսեղեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Հրանդ, Սմբատ Բիւրատ: Հրապարակագիրներէն՝ Յարութիւն Շահրիկեան, Գ. Խաժակ, Է. Ակնունի, Տիրան Քէլէկեան, Սարգիս Մինասեան, եւ դեռ այլ տաղանդներ:
Անհրաժեշտ է շեշտել, որ մեր առաջին հռչակաւոր թատերագիրը կը հանդիսանայ Լեւոն Շանթ, որուն «Հին աստուածները» կը մնայ մինչեւ այսօր գրական եւ թատերական գլուխ գործոց՝ ի շարս իր այլ թատերական գործերուն:
Հայ իրականութեան մէջ անգերազանցելի կը մնայ Յակոբ Պարոնեան եւ, ինչու չէ, Երուանդ Օտեան: Պարոնեանի երգիծանքը յաւերժական նուաճում մըն է մեր գրականութեան:
Այս եռեւեփումին մաս կը կազմէ Թէոդիկի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած հրաշալի «Ամէնուն տարեցոյցը»: Դանիէլ Վարուժանի, Օշականի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոնի խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Մեհեան» ամսագիրը: Իսկ Դանիէլ Վարուժան կը հրատարակէ «Նաւասարդ» տարեգիրքը:
Յիշատակութեան արժանի է Կոմիտասի «Գուսան» երգչախումբը, որ իր 300 անդամներով հայութեան կը բերէր մաքրազտուած տոհմիկ երգերը:
Այստեղ պէտք է յիշատակել, որ հայ կեանքի մէջ ստեղծուած առաջին օփերան Տիգրան Չուհաճեանի «Լէպլէպիճի Հօր Հօր աղան» էր:
Գալով բանաստեղծութեան, մեծութիւններ են Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Արտաշէս Յարութիւնեան, Թովմաս Թերզեան, Պետրոս Դուրեան, Միսաք Մեծարենց:
Այս մթնոլորտի ծնունդ են եղած նաեւ Արփիար Արփիարեան, Վահան Թէքէեան, Արշակ Չոպանեան եւ այլ գրողներ, որոնք իրենց գրականութիւնը շարունակեցին այլ շրջաններու մէջ:
1913-1915 թուականները կը հանդիսանան պոլսահայ կամ աւելի ճիշդ՝ արեւմտահայ գրականութեան անգերազանցելի ժամանակաշրջանը, երբ «Էսայեան» սանուց միութիւնը կը կազմակերպէ լսարաններու շարք մը՝ նուիրուած Դանիէլ Վարուժանին, Գրիգոր Զօհրապին, Սիամանթոյին, Ռուբէն Զարդարեանին: Այնտեղ ներկայացուած են գրական բարձր որակի ուսումնասիրութիւններ: Գրական մթնոլորտ մը, որուն նմանը չենք ունեցած սփիւռքեան մեր հասարակական կեանքին մէջ: