Գեղարքունիքի մարզ այցելութեան ընթացքին, ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակի խումբը՝ ՄԱԿի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթրզ Եահիայի գլխաւորութեամբ՝ այցելեց ատրպէյճանական յարձակումէն վնասներ կրած շրջանները:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ Եահիա յայտնեց, թէ ՄԱԿի իր պաշտօնակիցներուն հետ այցելեց Գաւառ, Շատուան, Նորաբակ, Կութ եւ Սոթք: «Ականատես եղայ մարդոց՝ տղամարդոց, կանանց, երիտասարդներու եւ մանուկներու մեծ տխրութեան եւ տառապանքին. շատեր նախապէս եւս դէմ յանդիման կանգնած են համայնքներու, ապրուստի միջոցներու եւ տուներու կորուստին: Խորապէս տպաւորուած եմ բնակիչներու տոկունութեամբ եւ իրենց երկրին մէջ խաղաղ ու ապահով ապրելու՝ իրենց իրաւունքները պաշտպանելու կոչերով», դիտել տուաւ Եահիա: