ՔԻԵՒ, «Պի.Պի.Սի.».- Ուքրանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Զալոժնի յայտարարեց, որ բանակը արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ արագ հակայարձակումի մը ընթացքին ետ վերցուցած է առաւել քան 3000 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: «Խարքովի հարաւը կը յառաջանանք եւ Ռուսիոյ հետ սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ենք», յայտարարեց զօր. Զալոժնի:
Իսկ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ ուքրանական բանակը Ուքրանիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող շարք մը քաղաքներ եւ աւելի քան 30 գիւղերու վերատիրացած է:
Շաբաթ օր, արեւելեան շրջանին մէջ հակայարձակումով ուքրանական զօրքերը մուտք գործեցին Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող կենսական նշանակութիւն ունեցող Իզիում եւ Քուփիանսք քաղաքները:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց ռուսական ուժերու Իզիումէն եւ Քուփիանսքէն նահանջը, ինչ որ, ըստ նախարարութեան, իր ուժերուն պիտի արտօնէ «վերախմբաւորուիլ» Մոսկուայի կողմէ հովանաւորուող արեւելեան Ուքրանիոյ ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հաստատեց զօրքերու հեռացումը երրորդ առանցքային քաղաքէն` Պալաքլիայէն` Տոնեցքի ճակատին վրայ «ջանքերը զօրացնելու համար»: