ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հայաստանի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքին կատարած յայտարարութեան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոսը նախագահին ուղղած նամակով ջերմօրէն կ’ողջունէ անոր կեցուածքը։ Վեհափառին յիշեալ նամակը, Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին բացակայութեան, դեսպանատան գործավարին յանձնեցին կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան եւ Կալուածոց յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Շամլեան։ Սոյն հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցելուն առնչուած հարցերուն։
Ստորեւ հատուածներ վեհափառին նամակէն.-
«Կիլիկիոյ հայերը ի մասնաւորի, ենթարկուեցան Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն, որուն դարձեալ որպէս հետեւանք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պարտադրաբար ձգեց իր պատմական Աթոռը Կիլիկիոյ մէջ եւ հաստատուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան։
«Ֆրանսան, մարդկային արժէքներու եւ Օրէնքի ու Արդարութեան սկզբունքներուն նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեամբ, տիպար օրինակ մըն է այն բոլոր երկիրներուն համար, որոնք կը շարունակեն ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
«Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու բոլոր ճիգերը դուռ կրնան բանալ նոր ցեղասպանութիւններու։ Հետեւաբար, միջազգային ընտանիքը պէտք է լրջութեամբ մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան, որ ցարդ կը մնայ անպատիժ։
«Ես կը հաւատամ մշակոյթներու, կրօններու եւ ժողովուրդներու երկխօսութեան։ Այս նիւթին յաճախակիօրէն անդրադարձած եմ իմ պատգամներուս, հրապարակային խօսքերուս եւ գիրքերուս մէջ։ Սակայն, ճշմարտութեան ճանաչումը եւ յայտարարութիւնը միայն պէտք է առաջնորդէ երկխօսութեան ու հաշտութեան։
«Եւրոպան սոսկ աշխարհագրական երկրամաս մը չէ, ո՛չ ալ քաղաքական միաւոր մը։ Եւրոպան էապէս մշակութային ու բարոյական արժէքներու համայնք մըն է՝ մարդկային իրաւանց վրայ հիմնուած։ Հետեւաբար, հարց կու տամ.- Ո՞ւր է Թուրքիոյ տեղը եւրոպական համայնքին մէջ»։