ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք դատաւոր Ռըզա Թիւրմէն, որ Եւրոպական մարդկային իրաւունքներու ատեանի անդամ է, Սթրազպուրկի մէջ խումբ մը թուրք լրագրողներու յայտնեց, թէ Թուրքիա երկու տարբեր հակազդեցութիւններ կրնայ ցոյց տալ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ պատրաստուած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող օրինագիծին դէմ։ Երկու պարագաներն ալ հարցը Եւրոպական ատեան փոխադրելու ռազմավարութեան մաս կը կազմեն, յայտնեց ան:
Առաջին հակազդեցութիւնը Թուրքիոյ պետութեան կողմէ Ֆրանսայի դէմ դատ բանալ է։ Այսպիսի դատ մը հետաքրքրական կրնայ ըլլալ, սակայն իրեն հետ կը բերէ նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վնասելու վտանգը։ Իսկ երկրորդ հակազդեցութիւնն է սպասել, որ մէկը դատապարտուի այդ օրէնքի լոյսին տակ եւ այդ անձը դիմում կատարէ եւրոպական ատեանին: