
ՖՐԵԶՆՕ.- Լոնտոնի համալսարանէն ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռեպեքա Ճինքս Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) պիտի խօսի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ կանանց փորձառութիւններուն մասին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին եւ «Կլետիս Աշճեան» հիմնադրամին միացեալ ջանքերով։
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: