ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 2 Սեպտեմբերին, մեղադրանք առաջադրուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ջալալ Յարութիւնեանին նկատմամբ: 44օրեայ պատերազմի օրերուն` նախքան ծանր կերպով վիրաւորուիլը, Արցախի պաշտպանութեան բանակը ղեկավարած զօրավարը կը մեղադրուի ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորելուն մէջ, որոնք յառաջացուցած են ծանր արդիւնքներ:
Ըստ իրաւապահներուն` անոր գործողութիւններուն պատճառաւ հայկական ստորաբաժանումները կրած են մարդկային ուժի եւ զինուորական սարքերու մեծ կորուստներ, պահեստային ստորաբաժանումները դարձած են անմարտունակ, անոնց կրակային դիրքերը անցած են հակառակորդի հսկողութեան տակ:
Այժմ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետի պաշտօնը վարող Յարութիւնեանի պաշտօնավարութիւնը կասեցուած է. անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը:
Քննչական կոմիտէն հաղորդագրոթեան մը միջոցաւ ներկայացուց երկու դրուագներ 47ամեայ Յարութիւնեանի մեղադրանքէն:
«Մէկը 2020 թուականի Հոկտեմբերի 7ի հայկական կողմի ձեռնարկած հակահարուածի մասին է, այն դէպքում, երբ հայկական կողմը 1:5 յարաբերակցութեամբ թէ՛ քանակապէս, թէ՛ որակապէս զիջել է հակառակորդին, մինչդեռ մարտական կանոնադրութեամբ յարձակողական գործողութեան ժամանակ անհրաժեշտ է հակառակորդին գերազանցել 1:3 յարաբերակցութեամբ, հակահարուած իրականացնող ստորաբաժանումների միջեւ բացակայել է փոխգործակցութիւնը: Նախաքննական մարմնի փոխանցմամբ` Յարութիւնեանի այս գործողութիւններն անզգուշութեամբ առաջացրել են ծանր հետեւանքներ` ձախողուել է բանակային հակահարուածը: Աւելի ուշ Յարութիւնեանը ձեւաւորել է նոր զրահախումբ եւ նրանց առջեւ ըստ էութեան դրել նոյն մարտական խնդիրը, այն դէպքում, որ այս նոր զօրախումբը էապէս զիջել է Հոկտեմբերի 7ին հակայարձակման օպերացիայում (գործողութեան մէջ) ընդգրկուած ուժերն ու միջոցները:
«Հոկտեմբերի 8ի այդ մարտական առաջադրանքը եւս ձախողուել է, առաջացնելով ծանր հետեւանքներ: Խօսքն ըստ էութեան Ջաբրայիլի հատուածում Լելէ Թեփէ բարձունքը յետ գրաւելու փորձի մասին է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Այլ դրուագով մը կը նկարագրուի Ֆիզուլիի կամ Վարանդայի շրջանի Ջուվառլու կոչուող բնակավայրի մօտակայքի 12 Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները: Ըստ ՔԿի` այնտեղ նկատուած է առաւել քան 100 զինուորներէ բաղկացած խումբի տեղաշարժը դէպի կրակային դիրքի ուղղութեամբ, անոնց մէջ նկատուած են նաեւ Հայաստանի բանակի համազգեստ կրող անձեր: Կասկածելով, որ մօտեցողները հակառակորդի ներթափանցող խումբ են, ռատիոկապով զեկուցած են այդ մասին:
«Ջալալ Յարութիւնեանը առանց համակողմանի ուսումնասիրութեան նշել է, որ տուեալ խմբաւորումը իւրային է, ինչը փոխանցուել է դիվիզիոնի (զօրաբաժինի) անձնակազմին: Դիվիզիոնի հրամանատարը կասկածանքով է վերաբերուել ստացուած տեղեկութեանը մի քանի անգամ եւս խնդրել է ճշգրտել, սակայն նոյն պատասխանն է ստացել: Արդիւնքում 2րդ մարտկոցի անձնակազմը մարտ վարելով եւ կրելով 3 վիրաւոր, հասցրել է դուրս գալ կրակային դիրքից` այնտեղ թողնելով հրանօթները եւ այլ նիւթական միջոցները, մինչդեռ 1ին մարտկոցը յայտնուել է անմիջապէս հակառակորդի թիրախում, զոհուել են մարտկոցի անձնակազմի 20 զինծառայողներ, վիրաւորուել` 7ը, մինչեւ հիմա անյայտ է փոխգնդապետի գտնուելու վայրը: Ջուվառլու կոչուող բնակավայրի մօտակայքում N զօրամասը անցել է հակառակորդի հսկողութեան տակ` այնտեղ պահուող ծառայողական գաղտնիք պարունակող փաստաթղթերով, հակառակորդը ստացել է տարածքային եւ ռազմավարական առաւելութիւն տուեալ շրջանում», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը։