ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Այս տարուան «Արփա» միջազգային շարժապատկերի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 26-27ին:
Հոկտեմբեր 26ին, Հոլիվուտի պատմական «Egyptian» սրահին մէջ, ժամը 6ին, 8:45ին ու 11:45ին պիտի ցուցադրուին հայ արուեստագէտներու պատրաստած 12 կարճ ու երկար ժապաւէններ:
Ցուցադրուող ժապաւէններու շարքին են Շանթ Համասեանի «The Slowww Zombie», Իզապէլ Պայրաքտարանի մասին պատրաստուած «The Long Journey Home» վաւերագրական ժապաւէնը, Տորըթի Ֆորմայի «The Story of My Name»ը, Գեւ Գազանճեանի «The Foundation Project»ը, Փիթըր Մուսուրլեանի «The Long Journey from the NFL to Armenia», Աբօ Թորոսեանի «Witnesses»ն ու «The Gates»ը, Ճէյմզ Մարթինի «Vort»ը եւ Փօլ Ապաճեանի «You Can Handle Bullies»ը, ինչպէս նաեւ Մայքըլ Յակոբեանի «Germany and the Secret Genocide»ը:
«Արփա»ն նաեւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27ին, վաւերագրական ժապաւէններու բեմադրիչ 92ամեայ Մայքըլ Յակոբեանի ի պատիւ ճաշկերոյթ մը ծրագրած է: Յակոբեան պիտի ստանայ Արմին Վեկնըրի անունով կոչուած մրցանակը, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իր պատրաստած վաւերագրական ժապաւէններուն համար:
Ցուցահանդէսի վարիչ Ալեքս Քալոկնոմոս կը յայտնէ, թէ ցուցահանդէսին նպատակն է կապեր հաստատել տեղացի եւ աշխարհի տարածքին ապրող հայ արուեստագէտներու միջեւ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել www.affma.org կայքը կամ հեռաձայնել (323) 663-1882 թիւին: