ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ, որ Մոսկուա այցելած էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին մասնակցելու նպատակով, Մոսկուայի մէջ թուրք լրագրողներու հետ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1ին ունեցած զրոյցի ընթացքին բողոքեց այն շրջանակներուն դէմ, որոնք կը պնդեն, թէ Եւրոմիութեան կողմէ ակնկալուած բարեկարգումներու ընթացքը դանդաղած է։
Կիւլ ըսաւ, որ այս մասին շշուկները ամէնէն առաջ Թուրքիոյ մէջ հրապարակ քշուեցան եւ այնքան շատ մարդ նոյն բանը կրկնեց, որ Եւրոպա եւս սկսած է շահագործել այդ վարկածը, մինչդեռ կառավարութիւնը կը շարունակէ բարեփոխումները:
Կիւլ ըսաւ նաեւ, որ Սեւծովեան կազմակերպութեան մեծագոյն յաջողութիւնը պիտի ըլլայ Սեւ ծովու շուրջ ճամբայ կառուցելու ծրագիրը։
Կիւլ աւելցուց, թէ գոհ մնացած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպումէն ու նկատած է, թէ գոհացուցիչ են հայկական կամ Կիպրոսի հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ կառավարութեան տեսակէտները։