
Գաղութներէն՝ Հայաստանին
ՀՕՄը Օգոստոս 1ին «Հետվին» շոգենաւով Հայաստան ղրկած է 1120 քիլօ օճառ, Թրիէսթի հայերէն նուիրուած սնտուկ մը հագուստեղէն, 250 քիլօ «ասիտ պոռիք», 400 զոյգ կօշիկ եւ «Տը Արմէնիըն Լէյտիզ ավ Լընտըն»ի կողմէ տրամադրուած 9 «քրոսա» կարի դերձան՝ լորտ Մէյըրզ ֆոնտի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ վեր. Հարքուոթի միջոցով՝ տիկին Շէրպաշեանցի կարի աշխատանոցին համար։
***
ՊՈՒՔՐԷՇի Հայ Կարմիր Խաչի վարչութիւնը, Հայաստանի Կարմիր Խաչի պաշտօնական տեղեկագրին վրայ, դիմում ըրած էր ռումէն Կարմիր Խաչին եւ օգնութիւն խնդրած՝ Հայաստանի մէջ տարածուած մալարիային դէմ պայքարելու համար։ Ռումէն Կարմիր Խաչը, պատասխանելով այս նամակին, 20,000 լէյ տրամադրած է, դեղ գնելու համար։
***
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐի հայ գաղութը Հայաստանի սովեալներուն համար 600 անգլիական ոսկի ղրկեր է Պատրիարքարան։
***
ՄԻՋԱԳԷՏՔէն Հայաստան փոխադրուած 4000 հայեր տեղաւորուած են Վետի Բազար շրջանին մէջ եւ անոնց հող սահմանուած է, ուր սկսած են արդէն հերկի աշխատանքին։
***
ԹՐՔԱՀԱՅ գաղթականներէն 50 ընտանիք դիմած են հողագործական ժողովրդական «կոմիսէրութեան», խնդրելով, որ բնակեցուին լքուած գիւղերէն Արփաչայի կամ Իփակլուի մէջ։
Օգոստոս 29, 1922, թիւ 883