
12 Օգոստոսին, 99 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց պատմաբան Նինա Կարսոյեան: Ամերիկահայ դարձած պատմագէտը ծնած էր Ֆրանսա, 11 Ապրիլ 1923ին, ռուսահայ ծնողքէ։
1933ին ան գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ ուսանած Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարաին մէջ՝ մասնագիտանալով բիւզանդագիտութեան, միջինարեւելեան եւ հայկական պատմութեան մէջ:
«Ֆուլպրայթ» մրցանակով ան ուսանած է Ս. Ղազարի մխիթարեաններու վանքին մէջ: 1979ին, Կարսոյեան առաջին ղեկավարը դարձաւ Քոլոմպիա համալսարանի «Գէորգ Աւետիսեան» հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի կաճառին։
Իր աշխատան քային դաշտը կ՛ընդարձակուի մինչեւ Փարիզ եւ Լոնտոն։
Նինա Կարսոյեանի մահով, յարգուած ակադեմական դէմք մը կը հեռանայ Նիւ Եորքի հայ կեանքէն: