ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Հետզհետէ մտահոգիչ դարձած է գաւառապետներու կամայական որոշումներով փառատօներու կամ համերգներու արգիլուելու երեւոյթը։ Այս տեսակի վերջին օրինակը տեղի ունեցաւ Պուրհանիէ գաւառին մէջ, ուր գաւառապետը գործադրումէն քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց մօտալուտ փառատօնին չեղարկման լուրը՝ տալով իսկապէս ծիծաղաշարժ պատճառաբանութիւններ։
Արդարեւ, աղանդի մը անդամներ եւ «Գիտութիւնը տարածելու միութիւն»ը աղերսագիրով մը դիմած էին գաւառապետին՝ պնդելով, թէ նախատեսուած փառատօնին մէջ երիտասարդներ կրնան ոգելից ըմպելիներ խմել եւ անկարգութիւններու դիմել։
Նաեւ, Օգոստոս ամսուան մէջ, Յոյն ուղղափառ համայնքը աւանդաբար երկու տօներ կը նշէ։ Անոնցմէ առաջինն էր Տրապիզոնի ժայռափոր Սիւմելա վանքի ուխտագնացութիւնը։ Այս առթիւ, յատկապէս Ուքրանիայէն, Վրաստանէն եւ Յունաստանէն մեծ թիւով ուխտաւորներ կը ժամանէին։ Այս տարի իշխանութիւնները սահմանափակեցին պատմական այս եկեղեցին այցելել փափաքող ուխտաւորներու թիւը։ Յոյն ժողովուրդի պատմութեան մէջ շատ դառն յիշատակներով լեցուն այս կղզին հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներուն ամբողջութեամբ յոյներով բնակեցուած էր։ Յաջորդող տարիներուն պետութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով, կղզին տասնամեակներու ընթացքին կորսնցուց իր հարազատ ժողովուրդը՝ իր տեղը զիջելով իսլամներու։
Վերջապէս, երկրի ժողովրդավարացման գործընթացին զուգահեռ, Իմրոզի մէջ վերաբացուած էր յունական նախակրթարան մը, եւ վերահաստատուած էր հին աւանդութիւն մը՝ Սուրբ Աստուածածինի տօնախմբութիւնը։ Օգոստոս ամսուան ընթացքին կատարուող այս տօնախմբութիւնը այս տարի չիրականացաւ, հանրապետութեան նախագահի գրասենեակին ուղարկուած բողոքի նամակներուն պատճառաւ։
Յայտնի է, թէ իսլամ կրօնամոլ շրջանակներ նման զրպարտութիւններով կը փորձեն արգելք հանդիսանալ բոլոր այն միջոցառումներուն, որոնք իրենց կամքով չեն։